Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը վերջին անգամ 2014-ին Մոնտիալ շահեցաւ եւ 2016-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան կիսաւարտական հասաւ: Վերջին 10 տարիներուն ազգային խումբը բնաւ չտպաւորեց գլխաւոր մրցաշարքերուն` քանի մը մարզիչներ ալ փոխելէ ետք:
2026-ի Մոնտիալի ձախողութենէն ետք նշանակուեցաւ բաւական փորձառու Եուրկեն Քլոփը: Անոր նշանակումով շատ բաներ փոխուեցան, նոյնիսկ մրցումներուն սկսելէն առաջ:
Համակիրները շատ լաւ գիտեն Քլոփը, որ տարբեր մթնոլորտ կրնայ ստեղծել խումբին մէջ, հարց մը կար, որ… խումբ չկար իրականութեան մէջ: Այդ պատճառով ալ ան 44 մարզիկներ նկատի առաւ ՖԻՖԱ-ի երկար արձակուրդին, ուր ազգային խումբերը 4 մրցումներ կատարեցին Ազգերու լիկային գծով:
Քլոփ այդ մրցումներու աւարտէն ետք հաստատեց, որ «գոհ է», մանաւանդ որ շատ լաւ գիտէ, թէ ուրկէ՛ սկսաւ եւ խումբին վիճակը ինչպիսի՛ն էր:
Համակիրներուն փոքր բաժին կայ, որ անշուշտ կը նախընտրէ արդիւնքը, որ 2 հաւասարութիւն, մէկ պարտութիւն եւ մէկ յաղթանակ էր:
Եթէ արդար ըլլանք, ապա կրնանք ըսել, որ վստահաբար յառաջդիմութեան առիթ կայ: Յունաստանի դէմ պարտութիւն եւ հաւասարութիւն արձանագրելէ ետք բաւական դժուար պիտի ըլլայ մնացեալ երկու մրցումներուն յաղթելը (նոյեմբերին)` հասնելու համար քառորդ աւարտական:
Շատ մարզիկներ առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ ունեցան Քլոփի հետ:
Պայերն Միւնիխի միջնապահներ Ալեքսանտր Փաւլովիչ եւ Թոմ Պիշոֆ բաւական լաւ ելոյթ ունեցան Ֆլորիան Վիրցի հետ` կազմելով դաշտի կեդրոնի տինամօ եռեակ մը, առանց խմբապետ Եոշուա Քիմիչի, որ առաջին երկու մրցումներուն միայն մասնակցեցաւ:
Պայերնի պահեստի բերդապահ Եոնաս Ուրպիկ տպաւորեց եւ շատ հաւանաբար ապագայի վստահելի բերդապահն է:
Տերի Շերհանթ շատ լաւ ֆիզիքականով մարզիկ մըն է: 23 տարեկան Ֆրայպուրկի յառաջապահը բաւաւան արագ է, բայց փորձառութեան կը կարօտի:
Ֆրայպուրկէն այլ մարզիկ մը` աջ ծայրի պաշտպան Ֆիլիփ Թրէօ ինքզինք փաստեց ազգային խումբին հետ առիթ ստանալէ ետք: Մալիք Թաու իր կարգին բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ կեդրոնի պաշտպանի դիրքին վրայ: Քէօլնի յարձակող միջնապահ Սայիտ Մալա (որ լիբանանեան ծագում ունի) իր կարգին բաւական լաւ ելոյթներ ունեցաւ, մինչ առիթ ունեցաւ Ինթեր Միլանի կեդրոնի պաշտպան Եան Պիսեք: Կրնայ ըլլալ, որ Քարիմ Ատեյեմի կոլ չնշանակեց, բայց Գերմանիոյ առաջին երկու մրցումներուն ամէնէն վտանգաւոր յառաջապահն էր:
Պրենթֆորտի մարզիկ Քեւըն Շատէն եւ Ֆրանքֆորթի Եունես Էպնութալեպն ալ բաւական լաւ ելոյթ ունեցան:
Վստահաբար Քլոփ յառաջիկայ ամսուան վերջին երկու մրցումներուն որոշած պիտի ըլլայ որուն վստահիլ, մանաւանդ որ այժմէն իսկ պէտք է արդիւնքներուն համար խաղալ:
Քլոփ մէկ բան կրցաւ յաջողցնել, այդ ալ համակիրներուն եւ մարզիկներուն միջեւ կապն է, որ կը բացակայէր տարիներէ ի վեր:


