Մարզական

935 Միլիոն Ամ. Տոլար` 10 Աստղերու Համար

935 Միլիոն Ամ. Տոլար` 10 Աստղերու Համար

Երբ Մոհամէտ Սալահ իր ժամկէտի աւարտէն տարի մը առաջ խզեց իր պայմանագիրը Լիվըրփուլի հետ, շատեր կը կարծէին, թէ եգիպտացի աստղը կը տեղափոխուի Էմ. Էլ. Էս. կամ Սէուտական Արաբիա: Բայց եւ այնպէս ան ցնցեց ֆութպոլի աշխարհը` միանալով թրքական Տրապիզոնսփորի: Առաջին անգամ կը թուի, թէ Սալահ նիւթական զիջումներ կատարած է: Ան Անգլիոյ մէջ վերջին տարեշրջանին 35 միլիոն տոլար կը վաստակէր (դաշտին վրայ),...

Հեծելարշաւ.  Լիբանանի Երիտասարդները` Պրոնզէ Մետալակիր

Հեծելարշաւ. Լիբանան Պրոնզ Մետալ Մը Եւս Շահեցաւ

Լիբանանի հեծելարշաւի հաւաքականը պրոնզ մետալ մը եւս շահեցաւ Արաբական հեծելարշաւի ախոյեանութեան մրցումներուն: Արդարեւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած ախոյեանութեան տղոց խմբային ժամացոյցի դէմ պրոնզ մետալէն ետք, այս անգամ Լիբանան տիրացաւ խառն խմբային ժամացոյցի պրոնզէ մետալի: Լիբանանի հաւաքականը ներկայացուցին Նաֆէզ Քամալէտտին, Էսքանտար Փանայոթ Խալիլ Ասմար, Ռամոնա Խալիֆէ եւ Թամարա Զէյն: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու խառն խումբը շահեցաւ ոսկի մետալը, իսկ Սուրիոյ խառն խումբը`...

Բռնցքամարտ.  Զաւէն Գալստեան Յաղթական

Բռնցքամարտ. Զաւէն Գալստեան Յաղթական

Հայաստանը ներկայացնող արհեստավարժ բռնցքամարտիկ Զաւէն Գալստեան տպաւորիչ յաղթանակ տարաւ «Ար. Սի. Սի. Պոքսինկ» միջազգայիին մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ Եգաթերինպուրկ քաղաքին մէջ: Միջին կշիռի կարգէն ներս, հայ մարզիկը երեք անգամ գետին բերաւ իր մրցակիցը` ռուս Վլատիմիր Պրիսթրովին, անկէ ետք իրաւարարը երկրորդ ռաունտին դադրեցուց մենամարտը: 6 ռաունտ նախատեսուած մենամարտը շատ արագ էր, ուր Պրիսթրով փորձեց նախաձեռնութիւնը ինք առնել, սակայն Գալստեան արագ...

Էմ. Էմ. Էյ.  Լէոն Շահբազեան Իր Երկրորդ  Պարտութիւնը Կրեց Եու. Էֆ. Սի.-էն Ներս

Էմ. Էմ. Էյ. Լէոն Շահբազեան Իր Երկրորդ Պարտութիւնը Կրեց Եու. Էֆ. Սի.-էն Ներս

Լէոն Շահբազեան պարտութիւն կրեց 37 տարեկան ամերիկացի Նիքօ Փրայսէն: Խառն մենամարտերու մարտիկ Շահբազեան նաք-աութի ենթարկուեցաւ առաջին ռաունտէն իսկ: Էդմեն Շահբազեանի աւագ եղբօր համար այս մէկը իր երկրորդ մենամարտն էր Եու. Էֆ. Սի.-ի գծով, բայց դժբախտաբար ան իր երկրորդ մրցումին ալ նաք աութով աւարտուեցաւ: Շահբազեանի մրցակից Փրայս իր կարգին 4 յաջորդական պարտութիւններէ ետք էր, որ կրցաւ յաղթել, բայց գրեթէ միակողմանի մենամարտ...

Ծանրաբարձութիւն.  Նարէկ Ռաֆայէլեան Աշխարհի Մրցանիշ Հաստատեց

Ծանրաբարձութիւն. Նարէկ Ռաֆայէլեան Աշխարհի Մրցանիշ Հաստատեց

Հայ ծանրաբարձ Նարէկ Ռաֆայէլեան աշխարհի նոր մրցանիշ հաստատեց պառկած դիրքէն ծանրութիւն բարձրացնելու Մոսկուայի մէջ ընթացող մրցումներուն: Մարզիկը բարձրացուց 180 քկ` սահմանելով աշխարհի մրցանիշ «Ուորլտ Ռօ Փաուըրլիֆթինկ Ֆետէրէյշըն» վարկածով: Ռաֆայէլեան պատմական արդիւնքի հասած է 17-19 տարեկաններու տարիքային խումբի 110 քկ կշիռի մրցումներուն: Հայ մարզիկի նուաճումը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի այս կարգէն ներս, մանաւանդ որ 2016-էն ի վեր որեւէ մարզիկ չէր կրնար նոր...

Ըմբշամարտ.  Արմէն Կարապետեան Երկրորդ Տարին Ըլլալով`  Վեթերաններու Պրոնզէ Մետալակիր

Ըմբշամարտ. Արմէն Կարապետեան Երկրորդ Տարին Ըլլալով` Վեթերաններու Պրոնզէ Մետալակիր

Հայ ըմբիշ Արմէն Կարապետեան երկրորդ տարին ըլլալով շահեցաւ վեթերաններու ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալը: Այս տարի հայ ըմբիշը պատուոյ հարթակ  բարձրացաւ Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ: Կարապետեան հանդէս եկաւ 70 քկ կշռիռի կարգէն ներս «Վեթերանս Պի.» տարիքային բաժինէն: Պրոնզէ մետալի մրցումին, հայ ըմբիշը յաղթեց իր գօտեմարտը Մոնկոլիայի ներկայացուցիչ Արիունպայար Տաղդսերենին վրայ` 10-0 արդիւնքով: Այս կշիռի կարգէն ներս աշխարհի ախոյեան...

Հայ Ֆութպոլիստներու  Յաջող Շաբաթավերջը

Հայ Ֆութպոլիստներու Յաջող Շաբաթավերջը

Շաբաթավերջին հայ ֆութպոլիստները վերադարձած էին իրենց ակումբները, եւ ներքին ախոյեանութեան մրցումները շարունակուեցան ազգերու լիկայի երկար դադարէն ետք: Իտալիոյ մէջ Հենրիխ Մխիթարեան` 37 տարեկան, փայլուն ելոյթ ունեցաւ Ինթէր Միլանի հետ եւ Էսիսթ մըն ալ կատարեց Մարքուս Թիւրամի, որ նշանակեց Ինթէրի 3-րդ կոլը: Նախապէս Փեթար Սուչիչ եւ Հաքան Չալհանօղլու նշանակած էին Ինթէրի առաջին երկու կոլերը` Փարմայի դէմ: Մխիթարեան ամբողջ 90 վայրկեանները խաղցաւ...

Թենիս.  Խաչանով Յաղթական

Թենիս. Խաչանով Յաղթական

Շանկհայի (Չինաստան) թենիսի բաց մրցաշարքի Գ. հանգրուանին, ռուսահայ թենիսմէն Կարէն Խաչանով 1 ժամ 18 վայրկեան պայքարէ ետք պարտութեան մատնեց ֆրանսացի վեթերան Ատրիան Մանարինոն` 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով: Թիւ 27 դասուած Խաչանով մեծ դժուարութիւն ունեցած էր օր մը առաջ յաղթելու թիւ 37 դասուած Արթիւր Ֆերիի (Բրիտանիա)` 7-6, 6-7 եւ 7-6 արդիւնքով, երեքուկէս ժամէ աւելի պայքարէ ետք: Մանարինօ իր կարգին դուրս ձգած...

Նշմար.  Երազ, Աշխատանք, Արդիւնք

Նշմար. Երազ, Աշխատանք, Արդիւնք

ԿԱՐՕ Կ. Իր մանկութեան օրերէն հօրը հետ ՀՄԸՄ-ի մրցումներուն միշտ ներկայ գտնուելով, անոր մէջ արթնցած էր սէթ մը ֆութպոլին նկատմամբ, որ աւելի հասուն տարիքին դարձաւ սէր` միութեան նկատմամբ: Գէորգ Բարսեղեան ֆութպոլիստ ըլլալու կարողութիւն կամ կարելիութիւն չունէր, բայց որոշեց մօտ մնալ եւ իր ուսումը շարունակել` ակադեմական աշխատանքով սորվելով մարմնամարզութիւն եւ ֆիզիքական պատրաստութիւն: 2021-2022 տարեշրջանին, երբ տակաւին կ՛ուսանէր, պէտք ունէր գետնի վրայ...

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  29 Նոյեմբերին` «Սփինիս Մարաթոն»-ի Մրցումը

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. 29 Նոյեմբերին` «Սփինիս Մարաթոն»-ի Մրցումը

Պէյրութ մարաթոն միութիւնը քանի մը օր առաջ կազմակերպեց հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին կատարեց 2026-ի «Սփինիս մարաթոն»-ի կազմակերպման պաշտօնական յայտարարութիւնը` ներկայութեամբ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, որոնք կը ներկայացնէին լիբանանեան պաշտօնական դէմքեր, նախարարներ, երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ բանակային բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս` Աւստրալիոյ ու Քանատայի դեսպանները եւ մեծ թիւով յայտնի անձնաւորութիւններ: Մայ Խալիլ իր կարգին խօսք առաւ` իբրեւ միութեան նախագահ խօսելով Պէյրութի մասին...

Հեծելարշաւ.  Լիբանանի Երիտասարդները` Պրոնզէ Մետալակիր

Հեծելարշաւ. Լիբանանի Երիտասարդները` Պրոնզէ Մետալակիր

19 տարուան բացակայութենէ ետք Սուրիա կազմակերպեց Արաբական երկիրներու հեծելարշաւի ախոյեանութիւնը, որ պիտի երկարի մինչեւ 13 հոկտեմբեր: Արաբական երկիրներու ֆետերասիոնի նախագահ Եասեր Տուխի ինք անձամբ որոշած էր Սուրիոյ փափաքը իրականացնել` կազմակերպելու այս ախոյեանութիւնը: 13 արաբական երկիրներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն այս մրցումներուն, որոնց կարգին անշուշտ Լիբանան, Սուրիոյ մէջ առաջին մարզական մեծ ախոյեանութեան 19 տարիներու բացակայութենէ ետք: Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ,...

Բռնցքամարտ.  Հայաստան Ապահովեց Առնուազն 3 Մետալներ

Բռնցքամարտ. Հայաստան Ապահովեց Առնուազն 3 Մետալներ

Մոնթենեկրոյի Պուտվա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող բռնցքամարտի Եւրոպայի պատանիներու (մինչեւ 17 տարեկան) ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականը ապահոված է առնուազն երեք պրոնզէ մետալ: Քառորդ աւարտական հասած եօթը հայ մարզիկներէն երեքը կրցան հասնիլ կիսաւարտական` ապահովելով իրենց տեղը պատուոյ հարթակին վրայ: Յակոբ Շարբաթեան (մինչեւ 50 քկ) քառորդ կիսաւարտականին 4-1 արդիւնքով յաղթեց ուքրանացի Մակար Հոնչարին: Էդուարդ Քարամեան (մինչեւ 60 քկ) 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց...

«Պալոն Տ՛Օրը Ի՛նք Պէտք Է Ստանայ»  Կ՛ըսէ Ռումենիկէ

«Պալոն Տ՛Օրը Ի՛նք Պէտք Է Ստանայ» Կ՛ըսէ Ռումենիկէ

Պայերն Միւնիխի դիտորդ խորհուրդի անդամ եւ գերմանական ֆութպոլի պատմական յառաջապահներէն Քարլ Հայնց Ռումենիկէ բարձր գնահատած է ակումբի անգլիացի յառաջապահ Հերի Քէյնի թեկնածութիւնը` «Պալոն տ՛օր»-ի հեղինակաւոր մրցանակին համար պայքարին: Ռումենիկէ կը ցանկայ տեսնել Պայերն Միւնիխի մարզիկին յաջողութիւնը` անհատական գլխաւոր մրցանակաբաշխութեան: «Ես Պայերն Միւնիխի վերջին ֆութպոլիստն էի, որ այս մրցանակը շահած էր. ուստի կը ցանկամ, որ այժմ այդ տիտղոսը շահի մեր ակումբէն...

Ազգային Խումբին Հետ Իր Վերջին Մրցումին` Մեսսի Յուզեց Բոլորը

Ազգային Խումբին Հետ Իր Վերջին Մրցումին` Մեսսի Յուզեց Բոլորը

Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբը բարեկամական մրցում մը կազմակերպած էր` պաշտօնապէս հրաժեշտի մրցում ըլլալու համար Լիոնել Մեսսիի համար: Պենինի դէմ այս մրցումը եղաւ «Կալա» ելոյթ մը, որուն ընթացքին Մեսսի գեղեցիկ պատմութեան վերջին էջը գրեց ոսկի տառերով` նշանակելով փենալթի մը եւ կատարելով 2 էսիսթ, փակելով ասպարէզ մը, որ երկու տասնամեակ փայլած է ամէն մակարդակի վրայ: Պուենոս Այրեսի մէջ 85 հազար հանդիսատեսի ներկայութեան,...

Ըմբշամարտ. Եուրիկ Մխիթարեան Եւ Էրիկ Տէր Մաթեւոսեան  Շահեցան Ոսկի Մետալներ. Խաթիպ Պրոնզ Մետալ Շահեցաւ

Ըմբշամարտ. Եուրիկ Մխիթարեան Եւ Էրիկ Տէր Մաթեւոսեան Շահեցան Ոսկի Մետալներ. Խաթիպ Պրոնզ Մետալ Շահեցաւ

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարի անուան ըմբշամարտի միջազգային բաժակի մրցաշարք տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ Թուլա շրջանին մէջ: Մրցաշարքին մասնակցեցան 121 բանակային մարզիկներ 14 երկիրներէ` Հայաստանէն, Ռուսիայէն, Իրանէն, Լիբանանէն, Պիելոռուսիայէն, Հիւսիսային Քորէայէն, Մոնկոլիայէն, Ալճերիայէն, Պրազիէն, Սուրիայէն, Նիկերէն, Յորդանանէն, Թունուզէն եւ Սրի Լանքայէն: Տեղի ունեցան ազատ ոճի եւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մրցաշարքեր` ողիմպիականի կշիռի կարգերով: Հայաստան երկու ոսկի մետալ նուաճեց, երկուքն ալ` յունահռոմէական ըմբշամարտին մէջ:...

Ըմբշամարտ.  Հայաստանի Հաւաքականը Պատրաստ Է

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Հաւաքականը Պատրաստ Է

Հայաստանի յունահռոմէական ըմբշամարտի հաւաքականը յայտնեց, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 2026-ի աշխարհի ախոյեանութեան` մասնակցելով բոլոր 10 կշիռներու կարգերուն: Ստորեւ` հաւաքականի անդամները. 55 քկ - Նորայր Ախոյեան 60 Սուրէն Աղաջանեան 63 քկ - Կարէն Ասլանեան 67 քկ - Սլաւիկ Գալստեան 72 քկ - Աշոտ Խաչատրեան 77 քկ - Մալխաս Ամոյեան 82 քկ - Սամուէլ Գրիգորեան 87 քկ - Գէորգ Թադեւոսեան 97...

Ազգերու Լիկա.  12 Օրուան Մրցումներէ Ետք Սպանիա Մնաց Անյաղթ, Մինչ Քէյն Շարունակեց Նշանակել…

Ազգերու Լիկա. 12 Օրուան Մրցումներէ Ետք Սպանիա Մնաց Անյաղթ, Մինչ Քէյն Շարունակեց Նշանակել…

Եւրոպայի մէջ, վերջին 12 օրերուն, ազգային խումբերը 4 հանգրուանի վրայ մրցումներ կատարեցին Ազգերու լիկայի մրցաշարքին գծով: Աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Սպանիա 4 մրցումներէ ետք մնաց անյաղթ` պահելով իր 2,5 տարուան անյաղթ կարգավիճակը: Իր վերջին մրցումին, Սպանիա պէտք ունեցած էր Արսենալի միջնապահ Միքել Մերինոյի երկու կոլերուն (67-րդ եւ 88-րդ վայրկեանին)` յաղթելու համար Խրուաթիոյ: Միւս կողմէ, Անգլիա 3-0 արդիւնքով յաղթած էր Չեխիոյ,...

Թենիս.  Չարայեւա Դուրս Մնաց Փեքինի  Մրցաշարքէն

Թենիս. Չարայեւա Դուրս Մնաց Փեքինի Մրցաշարքէն

Հայաստանը ներկայացնող թենիսվումըն Ալինա Չարայեւա Փեքինի թենիսի բաց մրցաշարքին իր ելոյթները աւարտեց` դուրս մնալով 1/8-րդ հանգրուանէն: Դ. հանգրուանի իր մրցումին, աշխարհի թիւ 118-րդ թենիսվումըն Չարայեւա պարտութիւն կրեց չինացի Քինուեն Ժենկի դէմ մրցումին` 2 ժամ 14 վայրկեան պայքարէ ետք: Թիւ 54 թենիսվումըն Ժենկ 6-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք առաջին սեթը, Բ. սեթին զիջեցաւ 6-2 արդիւնքով, ուր Չարայեւա բարձր մակարդակի ելոյթ ունեցաւ, բայց...

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  «Փոյնթ Զիրօ» Մրցումը Յաջողութեամբ Աւարտեցաւ

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. «Փոյնթ Զիրօ» Մրցումը Յաջողութեամբ Աւարտեցաւ

Պէյրութ մարաթոն միութիւնը անցեալ կիրակի կազմակերպեց «փոյնթ զիրօ» նոր ձեւի մրցումը, որ վազելու եւ մարմնի տոկունութեան ու կարողութեան մրցակցութիւն մըն էր` մասնակցութեամբ տարբեր երկիրներէ 1.050 մարզիկներու: Փառատօնի վերածուած այս մարզական օրը երկարեցաւ 12 ժամ` առաւօտեան ժամը 7:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00: Մասնակիցները բաժնուեցան երեք մարզաձեւերու: 500 մարզիկներ մասնակցեցան մարմնի տոկունութեան մրցումին, 300 մարզիկներ` 5 քմ վազքի մրցումին, մինչ 200-է աւելի...

Ճիւտօ.  Նարեկ Վարդանեան Յաղթեց Իր Թուրք Մրցակիցին

Ճիւտօ. Նարեկ Վարդանեան Յաղթեց Իր Թուրք Մրցակիցին

Պաքուի մէջ տեղի կ՛ունենայ ճիւտոյի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն կը մասնակցին 622 մարզիկներ` 93 երկիրներէ: Հայաստան չմասնակցեցաւ այս մրցաշարքին, բայց շուէտահայ Նարեկ Վարդանեան իր մասնակցութիւնը բերաւ 73 քկ կշիռի մրցումներուն: 18 տարեկան Վարդանեան պարտութեան մատնեց թուրք մրցակից Իպրահիմ Տեմիրելը` Բ. հանգրուանի իր մրցումին: Վարդանեան նաեւ դուրս ձգեց Փոլ Ժուել Ալիմա Ֆուտան` Ա. հանգրուանին, ապա Տեմիրելը` Բ. հանգրուանին: Սակայն ան Գ. հանգրուանին...

Page 5 of 1274 1 … 4 5 6 … 1,274

Արխիւներ