ՀՄԸՄ Պէյրութ երէկ յետմիջօրէին Պհամտունի մէջ անմոռանալի մրցումէ մը ետք վերադարձաւ Պէյրութ` Դ. դասակարգի ախոյեանութեան բաժակով:
Մրցումին հերոսներն էին Մուսա Ամին եւ բերդապահ Ժաուատ Սապրա:
Շապապ Պըրժ առաջին կիսախաղին կոլ մը նշանակեց եւ Բ. կիսախաղին ալ կոլ մը եւս աւելցուց 62-րդ վայրկեանին:
ՀՄԸՄ Բ. կիսախաղին շատ աւելի էր եւ առիթներ կը ստեղծէր, սակայն հակայարձակումով մը Շապապ Պըրժ կրցած էր կոլ մը նշանակել: Իրականութեան մէջ բերդապահ Ժաուատ Սապրա քանի մը անգամ ալ լաւ ձեւով կրցաւ զսպել Պըրժի առիթները:
76-րդ վայրկեանին Մուսա Ամին կրցաւ 2-1-ի կոլը նշանակել: 82-րդ վայրկեանին Ժաուատ անգամ մը եւս զսպեց առանձին մնացած մարզիկի մը ոսկի առիթը:
88-րդ վայրկեանին Ամին կոլ մը եւս նշանակեց փենալթիով, եւ ՀՄԸՄ վերադարձաւ մրցում` 2 կոլերով ետ մնալէ ետք:
90 վայրկեաններէ ետք արդիւնքը մնաց անփոփոխ, եւ դիմուեցաւ փենալթիներու:
Նախապէս առաջին փենալթիի զսպումէն ետք իրաւարարը նկատած էր, թէ Պըրժի բերդապահը քիչ մը առաջ շարժած է իր գիծէն եւ զսպած Ամինի փենալթին: Իր երկրորդ առիթին Ամին նշանակեց: Շապապ Պըրժի առաջին փենալթին ալ ոտքով զսպեց Ժաուատ Սապրա: Մոհամետ Ապտել Սաթեր, Ճօ Հաշեմ եւ Սաժետ Զահրետտին իրենց փենալթիները նշանակեցին, մինչ Պըրժի 3-րդ փենալթին բարձր անցաւ ՀՄԸՄ-ի բերդէն:
Այս ձեւով, ՀՄԸՄ Պէյրութ բարձրացաւ Գ. դասակարգ` շահելով Դ. դասակարգի բաժակը, յաջորդելով տարի մը առաջ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտին: որ նոյնպէս շահած էր Դ. դասակարգի բաժակը:


