Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգերու Լիկա. Հայաստան Մէկ Կէտ Խլեց Մոնթենեկրոյի Մէջ

October 7, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի ազգային խումբը ճերմակ հաւասարութիւն ձեռք ձգեց Փոտկորիցայի մէջ, երբ 0-0 արդիւնքով աւարտեց Մոնթենեկրոյի դէմ իր մրցումը:

Շաբաթ մը առաջ Երեւանի մէջ ալ երկու խումբերու ճակատումը հաւասարութեամբ կրնար աւարտիլ (2-2), երբ վերջին վայրկեանին Մոնթենեկրօ կոլ մը նշանակած էր:

Հայաստան լաւ պաշտպանուեցաւ եւ նոյն պահուն կոլի պահեր ստեղծեց: Բերդապահ Արսէն Բեգլարեան 5 առիթներէ փրկեց իր բերդը, մինչ Գէորգի Յարութիւնեան իր կարգին լաւ ձեւով պաշտպանեց կեդրոնէն Էրիք Սիմոնեանի հետ: Պաշտպանող միջնապահ Իվու Ուկոչուքվու բաւական լաւ ձեւով զսպեց Մոնթենեկրոյի կեդրոնէն սկիզբ առած յարձակումները:

Խմբապետ Էդուարդ Սպերցեան, Արգիշտի Պետրոսեան, Արայիկ Էլոյեան եւ Արթուր Ղարիբեան Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացան եւ բաւական պայքար ցոյց տուին:

Մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան շատ հպարտ էր հաւաքականի մարզիկներով:

Մելիքեան բացատրած է Բեգլարեանի եւ Կարլեն Յովհաննիսեանի նկատմամբ վստահութիւնը: «Այո՛, Կիպրոսին չկրցանք յաղթել: Սխալներ կատարած էին Արսէն Բեգլարեան եւ Կարլեն Յովհաննիսեան: Բայց ես կը ցանկայի բոլորին ցոյց տալ, որ Հայաստանի հաւաքականին մէջ սխալներու համար չեն պատժեր: Մենք խումբ ենք: Մենք պէտք է օգնենք սխալներ կատարող ֆութպոլիստներուն, ոգեւորենք զանոնք եւ շարունակենք հաւատալ անոնց: Ես գիտէի, որ ինծի կը սպասէին, եթէ Արսէն Բեգլարեան անգամ մը եւս սխալի: Բայց ես կը հաւատամ իմ մարզիկներուս եւ պատրաստ եմ որեւէ արկածախնդրութեան երթալ զայն ապացուցելու համար: Ես շնորհակալութիւն կը մաղթեմ այն հաւատաւոր համակիրներուն, որոնք եկած էին Մոնթենեկրօ` քաջալերելու Հայաստանը: Այս խումբը ապագայ ունի: Երիտասարդ մեծ թիւով տղաք ունինք, պէտք է հաւատալ անոնց եւ միասին յառաջդիմելու», ըսաւ Մելիքեան:

Նոյն խմբակէն, Կիպրոս 94-րդ վայրկեանին յաղթեց Լաթվիոյ (2-1), որ 1-0 արդիւնքով կը յառաջանար 57-րդ վայրկեանին:

Ա. կարգի Ա. խմբակի մրցումներուն, Ֆրանսա 1-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք մինչեւ 77-րդ վայրկեան, կրցաւ 4 կոլ նշանակել Տեզիրէ Տուէի եւ Մայքըլ Օլիսէի դաշտ ներկայանալէն ետք:

Տուէ կոլ մը նշանակեց եւ 2 կոլ պատրաստեց, մինչ Օլիսէ 2 կոլ նշանակեց եւ կոլ մը պատրաստեց: Ռայան Շերքի նշանակեց 81-րդ վայրկեանին: Մինչ Օլիսէի կոլերը 88-րդ եւ 91-րդ վայրկեանին նշանակուեցան:

Իտալիա իր 2-րդ յաղթանակը արձանագրեց Մանչինիի հետ` Թուրքիոյ դէմ, այս անգամ 3-1 արդիւնքով: Ճիանլուքա Սքամաքա, Ռիքարտօ Քալաֆիորի եւ Ֆրանչեսքօ Փիօ Էսփոզիթ» նշանակեցին Իտալիոյ կոլերը:

Բ. կարգին մէջ, Շուէտ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռումանեան վերջինիս դաշտին վրայ: Անգամ մը եւս Վիքթոր Եոքերեշ նշանակեց կոլ մը, որ իր յաջորդական 7-րդն էր Ազգերու լիկայի մրցումներուն, Շուէտի վերջին 7 մրցումներուն:

 

 

Նախորդը

Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա Տագնապը Կը Սաստկանայ

RelatedPosts

Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա  Տագնապը Կը Սաստկանայ
Մարզական

Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա Տագնապը Կը Սաստկանայ

October 7, 2026
Յունաստանի Մէջ Հաւասարելէ Ետք. «Գոհ Եմ…» Կ՛ըսէ Քլոփ
Մարզական

Յունաստանի Մէջ Հաւասարելէ Ետք. «Գոհ Եմ…» Կ՛ըսէ Քլոփ

October 7, 2026
Թենիս.  Չարայեւա` Յաղթական
Մարզական

Թենիս. Չարայեւա` Յաղթական

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.