Աշխարհի ախոյեանութեան նախօրեակին, Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականը ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, Հայաստանի հաւաքականը այժմ կը գտնուի Գերմանիա, ուր մինչեւ 12 հոկտեմբեր ուսումնամարզական հաւաք կ՛ունենայ:
17-էն 25 հոկտեմբերին, Նետերլանտներու Ռոթերտամ քաղաքին մէջ աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը պիտի մասնակցի Արթուր Դաւթեանի, Արթուր Աւետիսեանի, Համլեթ Մանուկեանի եւ Մամիկոն Խաչատրեանի հետ:


