Հայաստանի Քարաթէի հաւաքականի անդամ Սուրէն Յարութիւնեան դարձաւ «քարաթէ 1 սիրիզ»-ի մրցաշարքի փոխախոյեան:
Ըստ «Արմենփրես»-ի, Աւստրիոյ Զալցպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «քարաթէ 1 սիրիզ Ա.» մրցաշարքի 75 քկ կշիռի կարգին մէջ, Սուրէն Յարութիւնեան հասած է աւարտական, բայց 5-6 արդիւնքով պարտութիւն կրած Ճափոնի ներկայացուցիչէն:
Նշենք, որ 2025-ին Սուրէն Յարութիւնեան դարձած էր քարաթէի աշխարհի պրոնզէ մետալակիր:


