Արժանթինահայ միջնապահ Թոմաս Ադորեան գեղեցիկ կոլ մը նշանակեց Պանֆիլտի հետ Արժանթինի Քլաուսուրայի 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, Ռոսարիօ Սանթրալի դէմ:
Մրցումը վերջ գտաւ 1-1 արդիւնքով: Ադորեան 41-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը` ուժգին հարուածով մօտ 25 մեթրէն, եւ գնդակը դպնալէ ետք բերդի հորիզոնական ձողին, մտաւ Ռոսարիոյի բերդին մէջ:
Պանֆիլտ իր առաւելութիւնը պահեց մինչեւ մրցումի վերջին բաժինը, ուր Ռոսարիօ 80-րդ վայրկեանին միայն կրցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել շնորհիւ Ճիովանի Քանթիզանոյի:
Թոմաս Ադորեանի համար այս կոլը եղաւ Արժանթինի ախոյեանութեան գծով իր առաջինը` նախապէս երկու կոլեր նշանակելէ ետք բաժակի մրցաշարքին:
Պէտք է նշել, որ Ռոսարիօ Սանթրալի խմբապետն է Անխել Տի Մարիա, որ տարիներէ ի վեր Արժանթինի ազգային խումբի աստղերէն մէկն էր:
Ադորեան իր կարգին երկու մրցում կատարեց անցեալ տարի Հայաստանի հաւաքականին հետ, բայց աւելի ուշ հրաւէր չստացաւ միանալու:


