-Այսօր՝ Սեւիլլա-Ա.Էս. Ռոմա
Երէկ գիշեր, «Եւրոպայի Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին քառորդ աւարտականի եւ 1-16-րդ հանգրուանին դարձին ծիրին մէջ կատարուեցան չորս ճակատումներ:
Երէկուան մրցումներուն, Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ հիւրընկալեց աւստրիական Լասքին, արձանագրեց 2-1արդիւնքով յաղթանակ մը: Մանչեսթըր, երթին արձանագրած էր 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Կիսաւարտականին, Մանչեսթըր կը մրցի դանիական Ֆ. Ք. Քոփենհակընի դէմ, որ մրցաշարքէն դուրս ձգեց թրքական Իսթանպուլ Պաշաքշեհիրին:
Կիսաւարտականին իրենց տոմսերը ապահովեցին նաեւ՝ Ինթեր Միլան եւ Շախտիոր Տոնեցք:
Ինչ կը վերաբերի այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն, իտալական Ա. Է. Ռոման հիւրը կ’ըլլայ սպանական Սեւիլլային: Անոնց միջեւ այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:55- ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, երէկ իր կազմին հետ իր կատարած փորձերուն ընթացքին ըսաւ, որ ինք ու իր խաղընկերները կրնան շրջանցել Սեւիլլայի արգելքը, եթէ կարենան լաւապէս իշխել իրենց մրցակիցին վրայ: