Քասիաս Պաշտօնապէս Աւարտեց Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը
Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին բերդապահ՝ Իքեր Քասիաս, երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Քասիաս, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսաւ Ռէալ Մատրիտի հետ, որուն հետ ելոյթ ունեցաւ մինչեւ 2015: Այդ թուականէն ետք, ան միացաւ փորթուգալեան Փորթոյի:
Ան մաս կազմած է Սպանիոյ բոլոր տարիքային ազգային խումբերուն, ինչպէս նաեւ դարձած՝ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան:
39 տարեկան Քասիաս, 5 անգամ արժանացած է տարուան լաւագոյն բերդապահի կոչումին:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական