Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին նախկին գլխաւոր մարզիչ՝ Աբրահամ Խաշմանեան, որ հեռացաւ Վանաձորի Լոռիէն, մօտիկ ապագային նոր աշխատանքի պիտի անցնի, դարձեալ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող այլ ակումբի մը հետ:
Ըստ հայկական մարզական լրատու աղբիւրներուն, ան շատ հաւանաբար վերադառնայ Ալաշկերտ եւ վերստին ստանձնէ երեւանեան ակումբին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը:
Խաշմանեան, եղած է նաեւ հայկական այլ ակումբներու մարզիչ ալ:
Ան եղած է նաեւ Հայաստանի 19 եւ 21տարեկանէն վար հաւաքականներուն գլխաւոր մարզիչ ալ: