Սպանական «Joma»-ն՝ Փիւնիկ-ի Նոր Գործընկեր
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող Փիւնիկ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը համագործակցութեան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց մարզական հագուստներ եւ սարքեր արտադրող սպանական «Joma» ընկերութեան հետ:
Փիւնիկի հիմնական կազմը, անոր տարիքային բոլոր խումբերը, ներառեալ մանկապատանեկան բոլոր տեսակի կազմերը, 2020-2021տարեշրջանին, իրենց մարզաշապիկներուն վրայ պիտի կրեն վերոնշեալ ընկերութեան անունը:
Ակումբը մօտիկ ապագային պաշտօնապէս պիտի ներկայացնէ նոր տարեշրջանին իր մարզիկներուն կրելիք մարզաշապիկները:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական