Իկոր Փիքուշչաք՝ 2019-2020 Տարեշրջանի Լաւագոյն Մարզիչ
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, որ ամփոփեց Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանը, լաւագոյն մարզիչ ճանցչաւ Նոայի գլխաւոր մարզիչին՝ Իկոր Փիքուշչաքին, որ յաջողեցաւ ապահովել 125 կէտ:
99 կէտով երկրորդ դիրքը գրաւեց, Արարատ-Արմենիայի նախկին գլխաւոր մարզիչ՝ Վարդան Մինասեան:
Իսկ լաւագոյն եռեակը 71 կէտով ամբողջացուց, Շիրակ Գիւմրին գլխաւորած, իսկ ներկայիս Արարատ-Երեւանի գլխաւոր մարզիչ՝ Վարդան Բիչախչեան:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական