Անգլիական Ֆութպոլ. Բերդապահ Շըմայքըլ Դէպի Մանչեսթըր Եունայթը՞տ
Անգլիական մարզական մամուլը առհասարակ եւ «The Sun» օրաթերթը ի մասնաւորի, կը յայտնեն ըսելով, որ Լայսթըր Սիթիի դանիացի բերդապահ՝ Քասփըր Շըմայքըլ, շատ հաւանաբար շուտով դառնայ Մանեսթըր Եունայթըտի նոր ֆութպոլիստ:
Ակումբին գլխաւոր մարզիչ՝ նորվեկիացի Օլէ-Կունար Սոլսքիար, ամէն գնով կ՛ուզէ Մանչեսթըրի շարքերը զօրացնել եւ ստեղծել տիտղոսին համար պայքարող կազմ մը:
Անոր կազմին մէջ կատարուելիք փոփոխութիւնները նոյնիսկ կրնան ընդգրկել, սպանացի Տաւիտ Տէ Ժէայի խումբէն հեռացումը:
Քասփըր, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Դանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին բերդապահ Միքայէլ Շըմայքըլի զաւակն է, մինչեւ 2023 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Լայսթըր Սիթիի հետ: Անոր փոխանցումը՝ Եունայթըտի, կրնայ արժել շուրջ 9,5 միլիոն եւրօ։
Share This Article
CATEGORIES Մարզական