«Փրեմիեր-Լիկ»-2020-2021 Տարեշրջան. Ակումբները Դէմ Քուէարկեցին Հինգ Մարզիկներու Փոփոխութեան
Անգլիոյ «Փրեմիեր-Լիկ»-ի ակումբները, երէկ իրենց ընդհանուր ժողովին ընթացքին, քննարկեցին 2020-2021 տարեշրջանին վերաբերեալ շարք մը հարցեր, որոնցմէ կարեւորագոյնները՝ VAR-ի կիրարկման եւ մրցումի մը ընթացքին հինգ ֆութպոլիստներու փոփոխութեան հարցը:
Ժողովականները որոշեցին, որ յառաջիկայ տարեշրջանին վերադառնայ նախկին դրութիւնը՝ միայն երեք մարզիկի փոփոխութիւն:
«BBC» յայտնեց ըսելով, որ անոնք չեն ուզած, որ պահեստի մարզիկներուն թիւը եօթէն աւելի ըլլայ:
Անիկա աւելցուց, որ ժողովականները նշած են, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով, հինգ փոփոխութիւններու դրութիւնը նպաստաւոր է համեմատաբար աւելի հարուստ ակումբներուն համար, որոնք բոլոր դիրքերուն համար ունին համահաւասար փոխարինողներ:
Նշենք, որ ֆութպոլի օրէնքները դասաւորող ֆութպոլի միութիւններու միջազգային խորհուրդը (IFAB), երկարաձգեց հինգ փոփոխութիւններ կատարելու օրէնքը, բայց եւ այնպէս, բոլոր ֆետերասիոնները պարտաւոր չեն ենթարկուիլ այդ օրէնքին: