Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբապետ եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան իր զօրակցութիւնը յայտնեց լիբանանահայ համայնքին:
«Մենք սրտով Լիբանանի ժողովուրդին եւ Պէյրութ բնակող մեր հայրենակիցներուն հետ ենք: Կը ցաւինք բոլոր զոհերուն եւ վիրաւորներուն համար», ըսաւ հայրենի ֆութպոլիստը:
Ինչպէս ծանօթ է, որ նախանցեալ օր Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած զօրաւոր պայթումը, պատճառ դարձաւ հարիւրէ աւելի մարդոց մահուան, ինչպէս նաեւ հազարաւոր վիրաւորներու,ինչպէս նաեւ Պէյրութի ամբողջ շրջակայքին մեծ աւերներ պատճառելով: