Աշխարհի տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ երրորդ դիրքը գրաւող սպանացի անուանի թենիսմէն՝ Ռաֆայէլ Նատալ, իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Միացեալ Նահանգներու թենիսի բաց ախոյեանութեան՝ «US Open»-ին, այս գծով յայտնեց նոյնինքն Նատալ:
34 տարեկան Նատալ ըսաւ, որ անոր չմասնակցելուն գլխաւոր պատճառը, «Քորոնա» ժահրն է, որ կը շարունակէ աշխարհի տարածքին մարդոց կեանքերը խլել:
«Կը նախընտրեմ չճամբորդել եւ անոր չմասնակցիլ: Մինչեւ այն ժամանակ, որ չենք կրնար անոր տարածումը հակակշիռի տակ առնել, կը նախընտրեմ որեւէ մրցաշարքի չմասնակցիլ», ըսաւ ան:
Ռաֆայէլ Նատալ «US Open»-ի գործող ախոյեանն է: Այս մրցաշարքին ազդանշանը պիտի տրուի յառաջիկայ 31 օգոստոսին:
 
			


