Իտալական Նափոլիի ղեկավարութիւնը մօտ է նոր պայմանագրի գծով համաձայնութեան գալ ակումբին գլխաւոր մարզիչ՝ Կենարօ Կաթուզոյի հետ, այս գծով յայտնեց իտալական հանրածանօթ մարզական օրաթերթը՝ «La Gazzetta dello Sport»-ը:
42 տարեկան Կաթուզոյի նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ յունիս 2023:
Եթէ պատահեցաւ, որ Կաթուզօ կ’ուզէ իր պայմանագրութիւնը աւելի կանուխ խզել, ապա ստիպուած պիտի ըլլայ 7 միլիոն եւրօ տուգանք վճարել:
Ան Նափոլիի մարզիչ նշանակուեցաւ դեկտեմբեր 2019-ին, փոխարինելով Քարլօ Անչելոթթիին:



