Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Փիւնիկ Երեւանի 25 տարեկան միջնապահ Արմէն Մանուչարեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Ռոթոր Վոլկոկրատի հետ, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ռուսիոյ ֆութպոլի Փրեմիեր-Լիկ-ի ախոյեանութեան:
Մանուչարեան, որ 2016-էն ի վեր մաս կը կազմէ Փիւնիկի, անոր հետ մասնակցած է 119 մրցումի:
Անոր ակումբին ղեկավարութիւնը, բարի ճանապարհ մաղթեց ֆութպոլիստին, յոյս յայտնելով, որ ան յաջողութիւն կը գտնէ իր նոր կազմին հետ:
Նշենք, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, անոր կազմը այսօր կը հիւրընկալէ ախոյեան՝ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկին: