Հայաստանի Ազգային Ողիմպիականի Կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Չինաստան կը շարունակէ նախապատրաստուիլ ձմեռնային ողիմպիականի խաղերուն:
«Պէյճինկ-2022»-ի 24-րդ ձմեռնային խաղերը տեղի պիտի ունենան 4-20 փետրուարին:
Նշուեցաւ, որ Չինաստանի Հեպէյ նահանգի Նինյուան օդակայանին վերակառուցման աշխատանքներուն աւարտէն ետք, շատ հաւանական է, որ օդակայանը տարեկան ընդունի մէկ միլիոն ճամբորդ:
Անոր վերակառուցման աշխատանքները սկսան 2018-ին եւ անոր համար յատկացուած է 186 միլիոն ամերիկեան տոլար: