Միջազգային մարզական մամուլը կը յայտնէ ըսելով, որ Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը աշխատանք կը տանի իր կազմին միացեալ Եուվենթուսի արժանթինցի յառաջապահ Փաուլօ Տիպալային:
Ըստ «Sport Mediaset» պարբերաթերթին, արքայական ակումբը Տիպալային ձեռք ձգելու համար, պատրաստ է գործարքին մէջ նկատի ունենալ Թոնի Քրուսի եւ Իսքոյի փոխանցումները:
Բայց եւ այնպէս, Եուվենթուն մտադիր չէ ծախել Տիպալային, որովհետեւ խումբը այժմ վերակառուցման հանգրուանին մէջ է եւ յոյսեր կը կապէ յառաջապահին հետ, կը յայտնէ իտալական մամուլը: