Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան՝ Եուվենթուսի մաս կազմող 20 տարեկան յետսապահ՝ Մաթիս Տը Լիկթ, Հռոմի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ ենթարկուեցաւ յաջող վիրաբուժութեան, այս գծով յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ան ուսի վնասուածք ունէր եւ կը սպասէր տարեշրջանին աւարտին:
Հոլանտացի ֆութպոլիստը, նոր տարեշրջանին սկիզբը պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ, նկատի ունեալով որ անոր վերականգնման համար կը պահանջուի երեք ամիս:
Իտալիոյ ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան, ան իր կազմին հետ, բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին մասնակցեցաւ 39 մրցումի, նշանակեց չորս կոլ եւ կատարեց էսիսթ մը:
Նշենք, որ ան նախորդ ամառ, Այաքս Ամսթերտամէն տեղափոխուեցաւ Եուվենթուս, փոխան՝ 85 միլիոն եւրոյի: