Քաթալոնիական Պարսելոնայի եւ ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող յառաջապահ՝ Ուսման Տեմպելէ, շատ հաւանական է, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ:
Ըստ «ESPN»-ի, մանչեսթըրեան ակումբը անգլիացի Ճէյտըն Սանչոյի փոխանցման գծով համաձայնութեան չգալէ ետք Պորուսիա Տորթմունտի հետ, պիտի փորձէ պայմանագրութիւն մը առաջարկել 23 տարեկան Տեմպելէի:
Նշուեցաւ, որ ան մէկ տարեշրջան փոխ պիտի տրուի Մանչեսթըրի, որմէ ետք անիկա ձեռք պիտի ձգէ անոր փոխանցման իրաւունքն ու ստորագրութիւնը:
Նշենք, որ ան Սպանիոյ ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան՝ «Լա Լիկա»-ի մեծ մասէն բացակայեցաւ, վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: