Յառաջիկայ 31օգոստոսէն 13 սեպտեմբեր, Նիւ Եորքի մէջ, տեղի պիտի ունենայ Միացեալ նահանգներու թենիսի բաց ախոյեանութիւնը՝ «Եու. Էս. Օփըն»-ը: Անիկա իւրաքանչիւր տարուան ընթացքին տեղի ունեցող չորրորդ կրան-շլեմ-ի մրցաշարքն է, Ուիմպըլտընէն, Աւստրալիայէն եւ «Ռոլան Կարոս»-էն ետք:
Մրցաշարքին կազմակերպիչները երէկ պաշտօնապէս յայտնեցին, որ սերպ թենիսմէն՝ Նովաք Ճոքովիչ, որոշեց անոր իր մասնակցութիւնը բերել:
Մրցաշարքը սակայն տեղի պիտի ունենայ առանց հանդիսատեսներու, «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Նշենք, որ մրցաշարքին գործող ախոյեաններն են՝ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ եւ քանատացի Պիանքա Անտրեսքօ:



