Երէկ՝ չորեքշաբթի, Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէն, Պաապտայի մէջ յատուկ հանդիպում-ժողով մը գումարելով, յայտարարեց ըսելով, որ լիբանանեան մարզական ֆետերասիոնները, պէտք է իրենց նոր յանձնախումբերուն ընտրութիւնները կատարեն ճշդուած ժամկէտին, առանց զանոնք ուշացնելու կամ յետաձգելու:
Այս հանդիպում-ժողովին ներկայ գտնուեցան, Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի նախագահ՝ Ժան Համմամ, կազմակերպութեան այլ անդամները, ինչպէս նաեւ մարզական ֆետերասիոններու եւ մարզական լրագրողներու 21 ներկայացուցիչներ:
Այդ ընտրութիւններուն թուականը ճշդուած է՝ 21 յունուար 2021-ը:
Ժողովականներէն ոմանք, հարց տուին, թէ արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլան, մարզական ֆետերասիոններուն տուրքերուն հարցը`2019 եւ 2020 տարիներուն համար:
Համմամ պատասխանեց ըսելով, որ այս հարցը արդէն իսկ լրջօրէն կը քննարկուի եւ անոր ուղղութեամբ պաշտօնական որոշում մը պիտի հրապարակուի՝ մօտիկ ապագային:
Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ շուտով այլ հանդիպում-ժողով մը եւս պիտի գումարուի: