Այսօր՝ ուրբաթ, 14 օգոստոսին, ազդանշանը կը տրուի Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան՝ «Vbet-Փրեմիեր-Լիկ»-ի 2020-2021 տարեշրջանին:
Ա.հանգրուանի բացման մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ Նայիրի մարզադաշտին վրայ, Ալաշկերտ կը հիւրընկալէ երկրին կրկնակի ախոյեան՝ Արարատ-Արմենիային: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 17:30-ին՝ Երեւանի ժամանակացոյցով:
Վաղը՝ շաբաթ, բարձրագոյն դասակարգին մէջ իր նորամուտը կը նշէ՝ Վան, երբ ժամը 17:30-ին, Չարենցաւանի մարզադաշտին վրայ կը մրցի Գանձասար-Կապանի դէմ:
Կիրակի, 16 օգոստոսին, Երեւանի մէջ, յաջորդաբար ժամը 17:30-ին եւ 19:30-ին, իրարու դէմ կը մրցին, առաջինին՝ Նոա եւ Շիրակ, իսկ երկրորդին՝ Արարատ եւ Փիւնիկ:
Ա. հանգրուանը կ’աւարտի՝ երկուշաբթի, 17 օգոստոսին, երբ ժամը 19:00-ին, Ուրարտու եւ Լոռի կը մրցին իրարու դէմ: