Սպանական մարզական մամուլը երէկ յայտնեց, որ ակումբներուն շարք մը ֆութպոլիստներուն մօտ, դարձեալ կը յայտնուին «Քորոնա» ժահրի նոր պարագաներ:
«Sport.es» յայտնեց ըսելով, որ քաթալոնիական Պարսելոնայի երիտասարդներու խումբին մարզիկներէն մէկուն մօտ յայտնուած է այս ժահրը, երբ անոր եւ այլ ֆութպոլիստներու վրայ քննութիւններ կատարուած են:
Այս ժահրով վարակուած ֆութպոլիստը, որուն անունը չհրապարակուեցաւ, այժմ ինքնամեկուսացումի մէջ է:
Նշուեցաւ նաեւ, որ ան որեւէ շփում չէ ունեցած իր խմբակիցներուն հետ:
Երկրին այլ խումբերէն՝ Աթլեթիքօ Պիլպաոյի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց ըսելով, որ վեց ֆութպոլիստներու վրայ կատարուած «Քորոնա» ժահրին քննութիւնները տուած են դրական պատասխան:
Անոնց անունները չհարապարակուեցան:
Ակումբը, վաղը ուրբաթ, դարձեալ քննութիւններու պիտի ենթարկէ իր բոլոր ֆութպոլիստները, մարզիչներն ու այլ պատասխանատուներ: