Մարզական

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Պիտի Ուսումնասիրէ Քարափաղ Ակումբին Հայատեաց Վարքագիծը

Նշմար. Պատիժ Մը, Որ Պէտք Է Դուռ Բանայ Պատժամիջոցներու

ԹՈՐԳՈՄ Ազրպէյճան կոչուած գոյացութիւնը, որ յատկապէս իր քարիւղով եւ ձկնկիթով (խաւիար) միջազգային թութակներ կը կերակրէ եւ քաղաքակիրթ պետութեան մը պատրանքը կը փորձէ ստեղծել, այլ միջոցառումներու կարգին, նոյնպէս կը մասնակցի մարզական միջազգային մրցաշարքերու, հակառակ մարզական (կամ ընդհանրապէս որեւէ) ոգիէ զուրկ ըլլալուն: Այդ պատճառով ալ կը յայտնուի խայտառակ կացութիւններու մէջ: Բազմաթիւ դէպքերէն ամէնէն թարմ օրինակը նշենք: Ազրպէյճան ունի ֆութպոլի ակումբ մը, որ...

Ախոյեանը` Ռազմաճակատին Վրայ. «Ուորկոնզօ»-ն`  Միհրան Յարութիւնեանի Մասին

Ախոյեանը` Ռազմաճակատին Վրայ. «Ուորկոնզօ»-ն` Միհրան Յարութիւնեանի Մասին

«Ուորկոնզօ» նախագիծի ռուս պլոկըր Սեմիոն Պեքով Ստեփանակերտի մէջ  հանդիպած է Ռիօ-2016-ի  Ողիմպիական խաղերու յունահռոմէական ըմբշամարտի փոխախոյեան, MMA-ի (խառն մենամարտեր) մարտիկ Միհրան Յարութիւնեանի հետ: «Ախոյեանը` պատերազմին մէջ: Որո՞ւ  ըսես, որ չես հանդիպիր արցախեան ռազմաճակատին մէջ: Նկարին մէջ  Ռիօ-2016-ի  Ողիմպիական խաղերու յունահռոմէական ըմբշամարտի փոխախոյեան, MMA-ի մարտիկ Միհրան Յարութիւնեանն է: Ինչպէս իսկական մարտիկ, Միհրան այսօր առաջին գիծին վրայ է », ընկերային ցանցին մէջ ...

«Եուրոփա Լիկ». Մխիթարեան Առաջին  Վայրկեանին Կոլ Նշանակեց

«Եուրոփա Լիկ». Մխիթարեան Առաջին Վայրկեանին Կոլ Նշանակեց

Երէկ  երեկոյեան եւ գիշերը տեղի ունեցան  «Եուրոփա լիկ»-ի շարք մը մրցումներ: Հենրիխ Մխիթարեան երէկուան մրցումներուն առաջին կոլ նշանակողը եղաւ: Արդարեւ, Քլուժի դէմ մրցումին առաջին իսկ վայրկեանին, Մխիթարեան գլխու ճշգրիտ հարուածով մը նշանակեց մրցումին առաջին կոլը: Իսկ Լուտոկորետի դէմ Թոթենհամի մրցումին, անգլիացի Հերի Քէյն նշանակեց իր ասպարէզի 200-րդ կոլը: Կը ներկայացնենք յատկանշական արդիւնքներ. Պենֆիքա - Ռէյնճըրզ 3-3 Լուտոկորետ - Թոթենհամ 1-3...

Էրիք Պազինեան Հաղորդակցութեան Համակարգեր  Ուղարկած Է Հայ Զինուորներուն

Էրիք Պազինեան Հաղորդակցութեան Համակարգեր Ուղարկած Է Հայ Զինուորներուն

Քանատան ներկայացնող հայ արհեստավարժ բռնցքամարտիկ  Էրիք Պազինեան,  հաղորդակցութեան թանկարժէք համակարգեր ուղարկած է Արցախի պաշտպանութեան բանակին: 25-ամեայ բռնցքամարտիկը արհեստավարժ   ասպարէզին մէջ մասնակցած է  25 մենամարտի եւ բոլորն ալ յաղթանակով աւարտած: Նախորդ մենամարտը այս տարուան 21 փետրուարին էր` Ֆինլանտայի ներկայացուցիչ Թիմօ Լայնին դէմ, որ նաք աութի ենթարկուեցաւ:  

«Չեմփիընզ-Լիկ». Խմբակներու Պատկերը

«Չեմփիընզ-Լիկ». Խմբակներու Պատկերը

«Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներէն ետք խմբակներու մէջ դասաւորումը հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէ. Ա. Խմբակ Կէտ Պայերն Միւնիխ 9 Աթլեթիքօ Մատրիտ 4 Լոքոմոթիւ 2 Սալզպուրկ 1 Բ. Խմբակ   Պայերն Մունշնկլատպախ 5 Շախտիոր Տոնեցք 4 Ռէալ Մատրիտ 4 Ինթեր Միլան 2 Գ. Խմբակ   Մանչեսթըր Սիթի 9 Փորթօ 6 Օլիմփիաքոս 3 Մարսէյ 0 Դ. Խմբակ   Լիվըրփուլ 9 Այաքս...

Մխիթարեան Լաւագոյնն Է Կոլային  Փոխանցումներու Ցուցանիշով

Մխիթարեան Լաւագոյնն Է Կոլային Փոխանցումներու Ցուցանիշով

Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան Իտալիոյ ընթացիկ ախոյեանութեան մէջ  յառաջատար է կոլային փոխանցումներու ցուցանիշով: Ախոյեանութեան մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանէն ետք, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետը  կատարած է կոլային  4 փոխանցում: Անոր կը  յաջորդեն 6 ֆութպոլիստներ, որոնք այս տարեշրջանին կատարած են 3-ական արդիւնաւէտ փոխանցում: Իտալիոյ ընթացիկ ախոյեանութեան մէջ 31-ամեայ  Մխիթարեան 6 մրցումի մասնակցած է, սակայն տակաւին կոլ չէ նշանակած: Իտալիոյ նախորդ...

Արագ Ճատրակի Ախոյեանութիւն. Արոնեանի  Առաջին Մրցակիցը Նեպոմնեաշչին Է

Արագ Ճատրակի Ախոյեանութիւն. Արոնեանի Առաջին Մրցակիցը Նեպոմնեաշչին Է

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան եւ 20-ամեայ գրոսմայսթըր Հայկ Մարտիրոսեան կը մասնակցին Chess.com կայքին մէջ կայացող արագ ճատրակի ախոյեանութեան առցանց մրցաշարքին: Արոնեան 11 նոյեմբերին պիտի մրցի  ռուս Եան Նեպոմնեաշչիի դէմ, իսկ Հայկ Մարտիրոսեան`  Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Հիքարու Նաքամուրայի դէմ: Մրցաշարքին կը մասնակցին ճատրակի 16 վարպետներ, որոնց շարքին` աշխարհի գործող ախոյեան Մակնուս Քարլսըն, Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներ Ֆապիանօ Քարուանա ու Ուեսլի Սոն,...

Սերենա Ուիլիըմզի 3-Ամեայ Դուստրը Կը Յաճախէ  Թենիսի Դասերու. Մարզիչը Չի Գիտեր,  Թէ Ո՛վ Է Երեխային Մայրը

Սերենա Ուիլիըմզի 3-Ամեայ Դուստրը Կը Յաճախէ Թենիսի Դասերու. Մարզիչը Չի Գիտեր, Թէ Ո՛վ Է Երեխային Մայրը

Թենիսի մարզաձեւին մէջ աշխարհի նախկին թիւ մէկ դասուած  Սերենա Ուիլիըմզ իր 3-ամեայ դուստր Օլիմփիան արձանագրած է թենիսի մարզումներու: Սերենա յայտնած է, որ մարզիչը չի գիտեր, թէ ո՛վ է երեխային մայրը: «Օլիմփիան արձանագրած եմ թենիսի դասերու: Ես անոր  թենիսի դասեր չեմ տար, այլ տարած եմ այլ մարզիչի մօտ: Սակայն այդ կինը նոյնիսկ գաղափար չունի, որ Օլիմփիան իմ աղջիկս է: Տեսնենք, թէ...

Անատամ Առիւծը

Անատամ Առիւծը

ԹՈՐԳՈՄ Վերջերս 78 տարեկանին մահացաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին միջնապահ Նոպի Սթայլզ: Մանչեսթըր քաղաքին մէջ ծնած եւ մեծցած Նոպի կը մարմնաւորէր իր բնիկ քաղաքին ոգին եւ հաստատակամութիւնը, սակայն անոր մահը նոյնպէս սգացին այդ քաղաքէն շատ աւելի հեռու վայրերու մէջ գտնուողներ: Նոպի Սթայլզ կը պարէ դաշտին մէջ Ֆութպոլի 1966-ի աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքի աւարտական մրցումէն ետք,  հիացած եւ...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը  Կը Պահանջէ  Ազրպէյճանական Քարապաղ Ակումբին  Հեռացնել Եւրոպական Բաժակի Մրցաշարքէն

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Քարապաղ Ակումբի Աշխատակիցին Արգիլեց Զբաղիլ Ֆութպոլային Գործունէութեամբ, Իսկ «Ատիտաս» Դադրեցուց Գործակցութիւնը Այդ Ակումբին Հետ

Գերմանական «Ատիտաս» ընկերութիւնը դադրեցուց գործակցութիւնը ազրպէյճանական Քարապաղ ֆութպոլային ակումբին հետ: Այս մասին կը գրէ ռուսական Championat.com կայքը` աւելցնելով, որ իր տրամադրութեան տակ յայտնուած է «Ատիտաս» ընկերութեան ներկայացուցիչին դիրքորոշումը պարունակող նամակ-փաստաթուղթը, ուր կը տեղեկացնէ գործակցութիւնը միակողմանիօրէն դադրեցնելու մասին: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն հետաքննութեան  սկսած էր  Քարապաղ ակումբի մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Նուրլան Իպրահիմովի նկատմամբ` ռազմատենչ հրապարակումներու, զինուորական կեցուածքի, հայատեաց արձանագրութիւններու համար: Եւրոպական...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Ալաշկերտի Մրցակիցը` Սելթիք

«Չեմփիընզ-Լիկ»

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ  երեկոյեան եւ գիշերը տեղի ունեցան ութ մրցումներ: Պոլսոյ մէջ երեկոյեան տեղի ունեցած Իսթանպուլ Պաշաքշեհիր - Մանչեսթըր Եունայթըտ մրցումին առաջին կիսախաղին, անգլիական կազմի յետսապահներու աններելի սխալներէն լաւագոյնս օգտուելով, թրքական կազմը երկու կոլեր նշանակեց եւ իւրաքանչիւր յարձակումին վտանգ ստեղծեց: Կիսախաղի դադարէն քանի մը վայրկեան առաջ, Մարշալ գլխու ճշգրիտ հարուածով...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Մարսէյ – Լիոն Գագաթի Ճակատում

«Եուրոփա Լիկ»

Այսօր տեղի ունենալիք «Եուրոփա լիկ»-ի մրցումներէն ամէնէն հետաքրքրականներէն են. Պենֆիքա - Ռէյնճըրզ Ռոմա -  Քլուժ Ա. Սէ. Միլան - Լիլ Արսենալ - Մոլտէ Սելթիք  - Սփարթա Փրակ Լեսթըր Սիթի - Փրակա  

Հենրիխ Մխիթարեան. «Եղիր Այնպիսին,  Որ Քեզի Յաղթելը Ըլլայ Դժուար»

Հենրիխ Մխիթարեան. «Եղիր Այնպիսին, Որ Քեզի Յաղթելը Ըլլայ Դժուար»

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ,  իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ  Հենրիխ Մխիթարեան գրառում մը կատարած է ընկերային ցանցերուն մէջ: «Քրտնաջան մարզումներ: Եղիր այնպիսին, որ քեզի յաղթելը ըլլայ դժուար», ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած է 31-ամեայ ֆութպոլիստը` հրապարակելով նկարներ: Հենրիխ Մխիթարեան Ռոմայի կազմին մէջ կը պատրաստուի  ռումանական Քլուժի դէմ ֆութպոլի «Եւրոպայի - Լիկա»-ի խմբային փուլի երրորդ հանգրուանի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ...

Ռոնալտոն Եւ Մորաթան Եուվենթուսի Լաւագոյն  Ֆութպոլիստներն Են Սեպտեմբերին Եւ Հոկտեմբերին

Ռոնալտոն Եւ Մորաթան Եուվենթուսի Լաւագոյն Ֆութպոլիստներն Են Սեպտեմբերին Եւ Հոկտեմբերին

Քրիսթիանօ Ռոնալտոն եւ Ալվարօ Մորաթան իտալական  Եուվենթուս ակումբի` սեպտեմբերի եւ հոկտեմբերի լաւագոյն ֆութպոլիստները ընտրուեցան, կը  hաղորդէ ակումբին մամլոյ  ծառայութիւնը: Ռոնալտօ եւ Մորաթա Եուվենթուսի ամէնէն շատ կոլեր նշանակած մարզիկներն էին նախորդ 2 ամիսներուն: 35-ամեայ Ռոնալտօ հոկտեմբերին մրցումի չէր մասնակցած, որովհետեւ վարակուած էր «Քորոնա»-ով: Ան դաշտ վերադարձաւ 1 նոյեմբերին  տեղի ունեցած  Սբեցիայի դէմ Իտալիոյ  ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումին (4-1) եւ նշանակեց երկու...

Սուարես Հակամրցանիշ Հաստատեց

Սուարես Հակամրցանիշ Հաստատեց

«Չեմփիընզ-Լիկ»-ի  խմբային փուլի երրորդ հանգրուանին  ռուսական Լոքոմոթիւ խումբը ընդունեց սպանական Աթլեթիքօ Մատրիտը, որուն ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիզ Սուարեսի համար այդ մրցումը «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի մէջ  օտար դաշտի վրայ 23-րդ խաղն  էր, որուն ընթացքին 33-ամեայ ֆութպոլիստը չի կրնար կոլ նշանակել: Լուիզ Սուարես «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի մէջ  վերջին անգամ օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակած է 2015 թուականին:

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով.  Վաւերացուեցան Նախորդ Շաբաթավերջին Տեղի Ունեցած Մրցումներուն Արդիւնքները

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Վաւերացուեցան Նախորդ Շաբաթավերջին Տեղի Ունեցած Մրցումներուն Արդիւնքները

Երէկ` երեքշաբթի, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած ժողովին վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած բոլոր մրցումներուն արդիւնքները (5-րդ հանգրուան): Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Ա. դասակարգ. Ահտ-Շապապ Ղազիէ` 1-0, Նըժմէ-Պըրժ` 2-0, Ախա Ահլի Ալէյ-Սալամ Զղարթա` 1-0, Թրիփոլի-Շապապ Պըրժ` 1-0, Շապապ Սահել-Անսար` 1-0 եւ Սաֆա-Թատամոն Սուր` 3-0: Բ. դասակարգ. Սաժես-Անսար Հուարա` 5-1, Սփորթինկ Ռիատի-Մապարրա` 1-0, Ռասինկ-Ահլի Սայտա` 5-2, Ահլի Նապաթիէ-Նեպի Շիթ` 3-0, Նասեր Պար...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Պիտի Ուսումնասիրէ Քարափաղ Ակումբին Հայատեաց Վարքագիծը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Պիտի Ուսումնասիրէ Քարափաղ Ակումբին Հայատեաց Վարքագիծը

Իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտարարեց, որ պիտի ուսումնասիրէ ազերիական Քարափաղ ֆութպոլի ակումբին հայատեաց վարքագիծը, որ կը դրսեւորուի անոր ակումբին համակիրներուն կողմէ հրապարակած լուրերուն ընդմէջէն` տարբեր տեսակի ցանցերու վրայ: Կազմակերպութիւնը նշեց, որ պիտի ուսումնասիրուի կարգապահական կանոնադրութեան 31. 4 յօդուածը, որպէսզի փաստուի, թէ արդեօք Քարափաղի հրապարակումները կը խախտե՞ն կառոյցին թշնամանք հրահրելը արգիլող օրէնքները: Նշենք, որ արդէն իսկ «Եու....

Արտյոմ Օգանեսեան Իր Յաղթանակը Նուիրեց Հայաստանի Եւ Արցախի

Արտյոմ Օգանեսեան Իր Յաղթանակը Նուիրեց Հայաստանի Եւ Արցախի

Մինսքի մէջ (Պիելոռուսիա) տեղի ունեցած «Kold Wars II» արհեստավարժ կռփամարտի երեկոյի ընթացքին, ռուսահայ Արտյոմ Օգանեսեան նաք-աութով յաղթեց իր ղազախ մրցակիցին` Ալեքսանտր Ժուրավսքուին: Այս մենամարտը տեղի ունեցաւ միջին քաշային կարգին մէջ (70,65 քկ) եւ աւարտեցաւ 10-րդ ռաունտին: Հայ կռփամարտիկը իր այս ճակատումէն ետք յայտարարեց, որ իր այս յաղթանակ կը նուիրէ Հայաստանին եւ Արցախին: 21 տարեկան Օգանեսեան, որ արհեստավարժ ռինկի վրայ կատարած...

Արթուր Աբրահամ Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը

Արթուր Աբրահամ Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը

Արհեստավարժ կռփամարտիկ, սուփըր-միջին քաշային կարգի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ կոչով մը դիմեց միջազգային հանրութեան` ճանչնալու համար Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Բազմաթիւ ուրիշներու նման, ան եւս հրապարակեց լուսանակար մը` «ԿԸ ՃԱՆՉՆԱ՞Ս ԶԻՍ: ՃԱՆՉՑԻ՛Ր ԱՐՑԱԽԸ» գրութեամբ:

Փիւնիկի Գլխաւոր Մարզիչը Եւ Շարք Մը Ֆութպոլիստներ Վարակուեցան «Քորոնա» Ժահրով

Փիւնիկի Գլխաւոր Մարզիչը Եւ Շարք Մը Ֆութպոլիստներ Վարակուեցան «Քորոնա» Ժահրով

Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ Փիւնիկ Երեւան ֆութպոլի ակումբին շարք մը ֆութպոլիստներուն ու աշխատակիցներուն «Քորոնա»-ի  քննութիւններուն արդիւնքը եղած է դրական: Այդ ժահրով վարակուած ֆութպոլիստներն են` Սեւակ Ասլանեան, Արազ Օզպիլիս, Ալիք Առաքելեան, Սալոմոն Նիրիսարիքէ, Գոռ Մալաքեան եւ Էրիք Ազիզեան: Դրական եղած է նաեւ գլխաւոր մարզիչ Արտակ Օսէեանի եւ շարք մը այլ աշխատակիցներու քննութիւններուն արդիւնքը: Վերոնշեալները այժմ կը գտնուին ինքնամեկուսացումի մէջ:

Page 576 of 1279 1 … 575 576 577 … 1,279

Արխիւներ