Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ Փիւնիկ Երեւան ֆութպոլի ակումբին շարք մը ֆութպոլիստներուն ու աշխատակիցներուն «Քորոնա»-ի քննութիւններուն արդիւնքը եղած է դրական:
Այդ ժահրով վարակուած ֆութպոլիստներն են` Սեւակ Ասլանեան, Արազ Օզպիլիս, Ալիք Առաքելեան, Սալոմոն Նիրիսարիքէ, Գոռ Մալաքեան եւ Էրիք Ազիզեան:
Դրական եղած է նաեւ գլխաւոր մարզիչ Արտակ Օսէեանի եւ շարք մը այլ աշխատակիցներու քննութիւններուն արդիւնքը:
Վերոնշեալները այժմ կը գտնուին ինքնամեկուսացումի մէջ: