Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան Իտալիոյ ընթացիկ ախոյեանութեան մէջ յառաջատար է կոլային փոխանցումներու ցուցանիշով:
Ախոյեանութեան մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանէն ետք, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետը կատարած է կոլային 4 փոխանցում: Անոր կը յաջորդեն 6 ֆութպոլիստներ, որոնք այս տարեշրջանին կատարած են 3-ական արդիւնաւէտ փոխանցում:
Իտալիոյ ընթացիկ ախոյեանութեան մէջ 31-ամեայ Մխիթարեան 6 մրցումի մասնակցած է, սակայն տակաւին կոլ չէ նշանակած: Իտալիոյ նախորդ ախոյեանութեան մէջ ան մասնակցած էր 22 մրցումի` դառնալով 9 կոլի եւ 5 կոլային փոխանցումի հեղինակ: