Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան եւ 20-ամեայ գրոսմայսթըր Հայկ Մարտիրոսեան կը մասնակցին Chess.com կայքին մէջ կայացող արագ ճատրակի ախոյեանութեան առցանց մրցաշարքին:
Արոնեան 11 նոյեմբերին պիտի մրցի ռուս Եան Նեպոմնեաշչիի դէմ, իսկ Հայկ Մարտիրոսեան` Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Հիքարու Նաքամուրայի դէմ:
Մրցաշարքին կը մասնակցին ճատրակի 16 վարպետներ, որոնց շարքին` աշխարհի գործող ախոյեան Մակնուս Քարլսըն, Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներ Ֆապիանօ Քարուանա ու Ուեսլի Սոն, ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ եւ այլն:
 
			


