Իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտարարեց, որ պիտի ուսումնասիրէ ազերիական Քարափաղ ֆութպոլի ակումբին հայատեաց վարքագիծը, որ կը դրսեւորուի անոր ակումբին համակիրներուն կողմէ հրապարակած լուրերուն ընդմէջէն` տարբեր տեսակի ցանցերու վրայ:
Կազմակերպութիւնը նշեց, որ պիտի ուսումնասիրուի կարգապահական կանոնադրութեան 31. 4 յօդուածը, որպէսզի փաստուի, թէ արդեօք Քարափաղի հրապարակումները կը խախտե՞ն կառոյցին թշնամանք հրահրելը արգիլող օրէնքները:
Նշենք, որ արդէն իսկ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն հետաքննութիւն բացաւ անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութեան նախագահ Նուրլան Իպրահիմովի դէմ, որ կոչ ուղղած էր սպաննելու բոլոր հայերուն` աղջիկներ, երեխաներ եւ ծերեր: