Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան եւ գիշերը տեղի ունեցան ութ մրցումներ:
Պոլսոյ մէջ երեկոյեան տեղի ունեցած Իսթանպուլ Պաշաքշեհիր – Մանչեսթըր Եունայթըտ մրցումին առաջին կիսախաղին, անգլիական կազմի յետսապահներու աններելի սխալներէն լաւագոյնս օգտուելով, թրքական կազմը երկու կոլեր նշանակեց եւ իւրաքանչիւր յարձակումին վտանգ ստեղծեց: Կիսախաղի դադարէն քանի մը վայրկեան առաջ, Մարշալ գլխու ճշգրիտ հարուածով մը նշանակեց կենսական կոլ մը, որ շունչ տուաւ Մանչեսթըր Եունայթըտին: Բ. կիսախաղին թէեւ անգլիական կազմը տիրապետեց, սակայն չկրցաւ խուսափիլ պարտութենէ: Մրցումը վերջ գտաւ 2-1 արդիւնքով` ի նպաստ Իսթանպուլ Պաշաքշեհիրի:
Երէկուան միւս մրցումներուն արդիւնքները.
Զենիթ – Լացիօ 1- 1
Լայփցիկ – Փարիզ Սեն Ժերմէն 2-1
Պարսելոնա – Տինամօ Քիեւ 2-1
Չելսի – Ռեն 3-0
Պրուժ – Տորթմունտ 0-3
Սեւիլիա – Կրասնոտար 3-2
Ֆերենքվարոշ – Եուվենթուս 0-4