Գերմանական «Ատիտաս» ընկերութիւնը դադրեցուց գործակցութիւնը ազրպէյճանական Քարապաղ ֆութպոլային ակումբին հետ: Այս մասին կը գրէ ռուսական Championat.com կայքը` աւելցնելով, որ իր տրամադրութեան տակ յայտնուած է «Ատիտաս» ընկերութեան ներկայացուցիչին դիրքորոշումը պարունակող նամակ-փաստաթուղթը, ուր կը տեղեկացնէ գործակցութիւնը միակողմանիօրէն դադրեցնելու մասին:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն հետաքննութեան սկսած էր Քարապաղ ակումբի մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Նուրլան Իպրահիմովի նկատմամբ` ռազմատենչ հրապարակումներու, զինուորական կեցուածքի, հայատեաց արձանագրութիւններու համար:
Եւրոպական ֆութպոլային ընկերակցութիւններու միութիւնը («Եու. Է. Էֆ. Ա.») Նուրլան Իպրահիմովին ժամանակաւորապէս արգիլեց զբաղիլ ֆութպոլին առնչուող որեւէ տեսակի գործունէութեամբ:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Իպրահիմովի դէմ կարգապահական քայլ առած է «ցեղապաշտական եւ այլ տեսակի խտրական վերաբերմունք ցուցաբերելու եւ պատշաճ կեցուածքի հիմնական կանոնները խախտելու համար»: Այս մասին երէկ տեղեկացուց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի մամլոյ ծառայութիւնը:
Այս որոշումին պատճառը քանի մը օր առաջ «Ֆէյսպուք»-ի մէջ Իպրահիմովի կատարած արձանագրութիւնն էր: Իպրահիմով գրած էր, որ պէտք է սպաննել բոլոր հայերը` երեխաները, կիները, ծերերը: Հետագային Նուրլան Իպրահիմով հեռացուցած էր արձանագրութիւնը, իսկ Քարապաղ ակումբը յայտարարած էր, թէ կը պատրաստուի պատժելու իր աշխատակիցը…
Այո՛, կը պատժեն, այնպէս, ինչպէս պատժեցին հայ սպան կացինահարած Ռամիլ Սաֆարովը` զայն հերոսացնելով: