Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Պատիժ Մը, Որ Պէտք Է Դուռ Բանայ Պատժամիջոցներու

Նոյեմբեր 6, 2020
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

Ազրպէյճան կոչուած գոյացութիւնը, որ յատկապէս իր քարիւղով եւ ձկնկիթով (խաւիար) միջազգային թութակներ կը կերակրէ եւ քաղաքակիրթ պետութեան մը պատրանքը կը փորձէ ստեղծել, այլ միջոցառումներու կարգին, նոյնպէս կը մասնակցի մարզական միջազգային մրցաշարքերու, հակառակ մարզական (կամ ընդհանրապէս որեւէ) ոգիէ զուրկ ըլլալուն: Այդ պատճառով ալ կը յայտնուի խայտառակ կացութիւններու մէջ:

Բազմաթիւ դէպքերէն ամէնէն թարմ օրինակը նշենք:

Ազրպէյճան ունի ֆութպոլի ակումբ մը, որ անշուշտ քաղաքական-քարոզչական նպատակներով կը կոչուի Քարապաղ:

Նկատի ունենալով, որ Ազրպէյճան եւրոպական մարզական արժանիքնե՜ր ունի, Քարապաղ ակումբը կը մասնակցի եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերուն, այս պարագային, այս տարեշրջանին` «Եւրոպայի լիկա»-ին:

Շուրջ շաբաթ մը առաջ ընթացիկ մրցումի մը նախօրեակին յայտարարութեան մը ծիրին մէջ, միջազգային այդ հարթակը եւս օգտագործելու մարմաջով (աւելի հաւանական է վերէն եկած թելադրութեամբ), խումբին բանբերը` Նուրլան Իպրահիմով մրցումին առնչուող նիւթերու մասին խօսելու փոխարէն (կամ ատոր զուգահեռ), մէջէն դուրս հանեց հայերու հանդէպ կուտակուած մաղձ մը` «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին մէջ գրելով.

Բնականաբար տարբեր արձագանգներ եղան, զարգացումները արագ ընթացան, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը պահանջեց Քարապաղ խումբը դուրս ձգել մրցաշարքէն, Իպրահիմով իր արձանագրութիւնը հեռացուց «Ֆէյսպուք»-էն, իսկ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն անոր արգիլեց զբաղիլ ֆութպոլին առնչուող որեւէ տեսակի գործունէութեամբ:

Պատիժ մը, որ եթէ երես ունի, պէտք է զինք ամչցնէ: Սակայն այս մարդոց երեսին կը թքես, «անձրեւ կու գայ» կ՛ըսեն:

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ  մարմնամարզի նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ գրած էր.

«Ազրպէյճանի ամբողջ կրթական համակարգը, գիտական, մշակութային եւ մարզական ոլորտները երկար տարիներ ծառայեցուցած են այդ յանցաւոր նպատակին, եւ զարմանալի չէ, որ վայրագ հայատեացութիւնը դարձած է հասարակութեան լայն շերտերու կենսակերպ: Ասիկա անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ Ազրպէյճանի կազմին մէջ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան անկարելիութիւնը եւ «անջատում յանուն փրկութեան» սկզբունքի կիրարկման` իբրեւ արցախեան հարցի լուծման միակ միջոցի անվիճելի անհրաժեշտութիւնը»:

Ամէն պարագայի, սակայն, միջազգային մարմին մը սահմանած է պատիժ` «ցեղապաշտական եւ այլ տեսակի խտրական վերաբերմունք ցուցաբերելու եւ պատշաճ կեցուածքի հիմնական կանոնները խախտելու համար»:

Այսինքն` այն խախտումները, որոնք շատ աւելի խոշոր ծաւալներով ամիսէ մը աւելի կ՛ընեն Ազրպէյճան եւ Թուրքիա:

Եթէ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն զանազան արձագանգներէ եւ դիմումներէ ետք պատժեց Նուրլան Իպրահիմովը, բացառուած չէ, որ նոյնպիսի աշխատանքի շնորհիւ այլ մարմին մը պատժէ Նուրլան Իպրահիմովները դրդողները եւ անոնց գրածները գործի վերածողները:

Կը մնայ հետապնդել:

 

 

 

Նախորդը

Ախոյեանը` Ռազմաճակատին Վրայ. «Ուորկոնզօ»-ն` Միհրան Յարութիւնեանի Մասին

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (6 Նոյեմբեր 2020)

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա
Մարզական

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա

Յուլիս 12, 2025
ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում.  Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Եւրոպական Բաժակներ.  Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն
Մարզական

Եւրոպական Բաժակներ. Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?