Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անատամ Առիւծը

November 5, 2020
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

Վերջերս 78 տարեկանին մահացաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին միջնապահ Նոպի Սթայլզ:

Մանչեսթըր քաղաքին մէջ ծնած եւ մեծցած Նոպի կը մարմնաւորէր իր բնիկ քաղաքին ոգին եւ հաստատակամութիւնը, սակայն անոր մահը նոյնպէս սգացին այդ քաղաքէն շատ աւելի հեռու վայրերու մէջ գտնուողներ:

Նոպի Սթայլզ կը պարէ դաշտին մէջ

Ֆութպոլի 1966-ի աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքի աւարտական մրցումէն ետք,  հիացած եւ անատամ Նոպի Սթայլզի պարելը Լոնտոնի Ուեմպլի դաշտին մէջ,  անգլիական ֆութպոլի ամէնէն նշանաւոր պատկերներէն մէկն է:

Ան  իբրեւ միջնապահ կոշտ մարտունակ մրցակից էր, որ  ունակ էր մրցակից մարզիկին յառաջխաղացքը կասեցնել, խլել գնդակը թեքըլով եւ փոխանցել խմբակիցներուն:

Մանչեսթըր Եունայթըտի ականաւոր մարզիչներէն սըր Մաթ Պազպիի ղեկավարած խումբին բաբախուն զարկերակն էր շուրջ տասը տարի` մասնակցելով  400 մրցումներու, երկու անգամ նուաճելով Անգլիոյ ախոյեանի տիտղոսը եւ իր ակումբային ասպարէզի  գագաթնակէտին նուաճելով 1968 թուականի  Եւրոպայի բաժակը (այս օրերու «Չեմփիընզ Լիկ»):

Մարզիչը  խաղերէն առաջ  անոր կ՛ըսէր. «Նոպի, դիմացինդ թող լաւ գիտնայ, որ դուն առաջին հինգ վայրկեաններուն հոն ես»: Եւ անխուսափելիօրէն մրցակիցը կը գիտնար: Նոպի Սթայլզի հերոսական խաղը 1968 թուականին Եւրոպայի բաժակի կիսաւարտականին Պենֆիքայի դէմ նուաճած յաղթանակին մէջ դասական օրինակ է եւ կրկին յանգեցուց Ուեմպլիի դաշտին վրայ  տօնակատարութեան ուրախ տեսարաններու, իսկ մարզիչ սըր Մաթ Պազպի  գրկախառնուեցաւ Սթայլզի հետ, մրցումի աւարտի սուլիչը հնչելէ անմիջապէս ետք:

1968-ի մրցումէն 40 տարի ետք Էոզեփիօ եւ Սթայլզ

Այդ մրցումին ընթացքին Սթայլզի պարտականութիւնն էր հսկել Պենֆիքայի եւ Եւրոպայի լաւագոյն մարզիկ Էոզեփիոն, որ նուաճած էր Ոսկի կօշիկը: Առաջին կիսախաղին Սթայլզ շուքի նման հետեւեցաւ անոր եւ գրեթէ չձգեց, որ գնդակին դպնայ: Դադարին, երբ դաշտէն դուրս կու գային, երկուքը իրարու հետ կարճատեւ զրոյց մը ունեցան: Մրցումէն ետք լրագրողները Սթայլզին հարցուցին, թէ Փորթուգալի եւ աշխարհի աստղը ի՞նչ ըսած է իրեն, Սթայլզ կատակեց. «Էոզեփիօ ըսաւ, որ Ոսկի կօշիկը ինծի կու տայ, եթէ ձգեմ, որ գոնէ անգամ մը գնդակին դպնայ…»:

 

 

 

Նախորդը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Քարապաղ Ակումբի Աշխատակիցին Արգիլեց Զբաղիլ Ֆութպոլային Գործունէութեամբ, Իսկ «Ատիտաս» Դադրեցուց Գործակցութիւնը Այդ Ակումբին Հետ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (5 Նոյեմբեր 2020)

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Սաքաֆի Հերի
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Սաքաֆի Հերի

September 24, 2026
ՀԲԸՄ Լիբանանի Ընտանիքը  Ձեռնարկեց.  Համաշխարհային Վազք` Յանուն  «Նայիրի Ճամբար»-ին
Մարզական

ՀԲԸՄ Լիբանանի Ընտանիքը Ձեռնարկեց. Համաշխարհային Վազք` Յանուն «Նայիրի Ճամբար»-ին

September 24, 2026
«Եու. Էֆ. Սի.»  Ծառուկեան Եւ Ռուֆի Պէտք Է Դադար Առնեն
Մարզական

«Եու. Էֆ. Սի.» Ծառուկեան Եւ Ռուֆի Պէտք Է Դադար Առնեն

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.