Երէկ` երեքշաբթի, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած ժողովին վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած բոլոր մրցումներուն արդիւնքները (5-րդ հանգրուան):
Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
Ա. դասակարգ. Ահտ-Շապապ Ղազիէ` 1-0, Նըժմէ-Պըրժ` 2-0, Ախա Ահլի Ալէյ-Սալամ Զղարթա` 1-0, Թրիփոլի-Շապապ Պըրժ` 1-0, Շապապ Սահել-Անսար` 1-0 եւ Սաֆա-Թատամոն Սուր` 3-0:
Բ. դասակարգ. Սաժես-Անսար Հուարա` 5-1, Սփորթինկ Ռիատի-Մապարրա` 1-0, Ռասինկ-Ահլի Սայտա` 5-2, Ահլի Նապաթիէ-Նեպի Շիթ` 3-0, Նասեր Պար Էլիաս-Իժթիմահի` 3-3 եւ Իսլահ Պըրժ Շիմալի-Նահտա Պար Էլիաս` 2-2:
Ֆետերասիոնը վաւերացուց նաեւ Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքին աւարտական հանգրուանի մրցումին արդիւնքը, որուն ընթացքին Հըրրիէ Սայտա 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ժունիէին, հանդիսացաւ տիտղոսակիր:
Նշենք, որ վաւերացուեցան նաեւ տարբեր դասակարգերու ախոյեանութեան մրցումներուն արդիւնքները:
Ինչ կը վերաբերի սահմանուած տուգանքներուն, Թատամոն Սուրի դէմ սահմանուեցաւ մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանք մը, նոյնքան տուգանք մը, Շապապ Ղազիէի պատասխանատու` Ահմետ Հասսունի դէմ, մինչ Նասեր Պար Էլիասի պատասխանատուներէն Օմար Հաժօ տուգանուեցաւ 5 միլիոն լիբանանեան ոսկիով: