Արհեստավարժ կռփամարտիկ, սուփըր-միջին քաշային կարգի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ կոչով մը դիմեց միջազգային հանրութեան` ճանչնալու համար Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Բազմաթիւ ուրիշներու նման, ան եւս հրապարակեց լուսանակար մը` «ԿԸ ՃԱՆՉՆԱ՞Ս ԶԻՍ: ՃԱՆՉՑԻ՛Ր ԱՐՑԱԽԸ» գրութեամբ: