Ինչպէս կը սպասուէր, Եւրոպայի երկիրներու լիկայի շաբաթավերջի մրցումները բաւական հետաքրքրական եւ որակաւոր եղան:
Թիֆլիսի մէջ հիւրընկալուելով` Հայաստանի հաւաքականը դաշտին տէրը դարձաւ 33-րդ վայրկեանին յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեանի փոխանցումէն ետք միջնապահ Գէորգ Ղազարեանի նշանակած կոլով: Յաջորդ յարձակումին Գէորգ Ղազարեան կրկին հարուածեց դէպի բերդ, սակայն գնդակը դպաւ հորիզոնական ձողին:
40-րդ վայրկեանին վրացիներու վճռական յարձակումը կոլի չվերածուեցաւ, երբ Հայաստանի բերդապահ Դաւիթ Եուրչենքօ բացառիկ խաղարկութեամբ մը երկու անգամ զսպեց գնդակը:
Առաջին կիսախաղը աւարտեցաւ 1-0 արդիւնքով` ի նպաստ Հայաստանի:
Երկրորդ կիսախաղին Վրաստան աւելի բուռն պայքար մղեց եւ 64-րդ վայրկեանին ձեռք ձգեց փենալթի մը, որ կոլի վերածեց յառաջապահ Վալերի Քազայիշվիլին:
Հայաստանի հաւաքականը տեղի չտուաւ եւ բարձր կորովը պահպանելով շարունակեց պայքարը, որուն շնորհիւ գերմանական Հոֆենհայմ խումբի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան 86-րդ վայրկեանին նշանակեց Հայաստանի յաղթանակի կոլը` Տիգրան Բարսեղեանէն փոխանցում մը ստանալով:
Հայաստան այժմ Գ. դասակարգի Բ. խմբակին մէջ ութ կէտով կը գտնուի երկրորդ դիրքին վրայ` մէկ կէտով զիջելով յառաջատար Հիւսիսային Մակեդոնիոյ, որուն դէմ պիտի մրցի 18 նոյեմբերին, Կիպրոսի Ղասիփի դաշտին վրայ:
Փլէյ-օֆի տոմսը կ՛ապահովէ իւրաքանչիւր խմբակի առաջին դիրքը գրաւողը:
Երէկուան մրցումին Հայաստան դաշտ ներկայացած էր հետեւեալ կազմով. Դաւիթ Եուրչենքօ, Յովհաննէս Համբարձումեան, Վարազդատ Հարոյեան, Անտրէ Քալիսիր, Արման Յովհաննիսեան, Արտակ Գրիգորեան, Սոլոմոն Ուտօ, Տիգրան Բարսեղեան, Գէորգ Ղազարեան, Սարգիս Ադամեան, Ալեքսանտր Կարապետեան:
Ֆրանսա հասաւ Եւրոպայի երկիրներու լիկայի աւարտական հանգրուան` ֆայնըլ ֆոր, յաղթելով այս մրցաշարքի գործող ախոյեան Փորթուգալի: Մրցումը եղաւ շատ հետաքրքրական, որակաւոր եւ կոլային առիթներով հարուստ, սակայն կոլերով` աղքատ: Միակ կոլը նշանակեց Քոնթէ, մինչ Անթոնի Մարշալի երկու հարուածները զսպեց Փորթուգալի բերդապահը, իսկ երրորդ հարուածը` բերդին հորիզոնական ձողը:
Սպանիոյ եւ Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Ս. Ռամոս, որ ազգային հաւաքականին հետ իր 177-րդ մրցումը կը կատարէր, չկրցաւ կոլի վերածել երկու փենալթիներ, որոնք զսպեց Զուիցերիոյ բերդապահը: Ռամոս իր հարուածած նախորդ 25 փենալթիները բոլորն ալ կոլի վերածած էր: Մրցումի վերջին վայրկեանին Մորենոյի նշանակած հաւասարութեան կոլին շնորհիւ Սպանիա խուսափեցաւ պարտութենէ մը: Այժմ Սպանիա ութ կէտով կը գտնուի Ա. խմբակի երկրորդ դիրքին վրայ, ուրեմն վաղը անպայման պէտք է յաղթէ 9 կէտով խմբակը գլխաւորող Գերմանիոյ, որպէսզի անցնի յաջորդ հանգրուան:
Թուրքիա – Ռուսիա մրցումը եղաւ կոլերով եւ գունաւոր քարտերով հարուստ: Մրցումին 24-րդ վայրկեանին, երբ խաղը կ՛ընթանար ի նպաստ Ռուսիոյ` 1-0, լեհ իրաւարարը յարմար նկատեց, որ Թուրքիոյ առաւելութիւն մը շնորհէ եւ դաշտէն վտարեց Ռուսիոյ մարզիկներէն Սեմենովը: Ասիկա թեւեր տուաւ Թուրքիոյ, որ յաջորդաբար 3 կոլեր նշանակեց: 10 մարզիկներով աւելի քան ժամ մը պայքարած Ռուսիա թէեւ յաջողեցաւ կոլ մը եւս նշանակել, սակայն աւելին չկրցաւ ընել. հոգին յօժար էր, բայց մարմինը` տկար:
Շաբաթավերջի մրցումներուն կարգ մը արդիւնքները.
Փորթուգալ – Ֆրանսա 0-1
Շուէտ – Խրուաթիա 2-1
Գերմանիա – Ուքրանիա 3-1
Զուիցերիա – Սպանիա 1-1
Թուրքիա – Ռուսիա 3-2
Նետերլանտներ – Պոսնիա եւ Հերցեկովինա 3-1
Իտալիա – Լեհաստան 2-0
Պելճիքա – Անգլիա 2-0
Դանիա – Իսլանտա 2-1
Աւստրիա – Հիւսիսային Իրլանտա 2-1
Ռումանիա – Նորվեկիա (յետաձգուած)
Սլովաքիա – Սկովտիա 1-0
Պուլկարիա – Ֆինլանտա 1-2
Վրաստան – ՀԱՅԱՍՏԱՆ 1-2
Կալես – Իրլանտա 1-0
Յաջորդ մրցումները տեղի պիտի ունենան վաղը եւ չորեքշաբթի:
Աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներ (Հարաւային Ամերիկա).
Քոլոմպիա – Ուրուկուէյ 0-3
Չիլի – Փերու 2-0
Պրազիլ – Վենեզուելա 1-0
Ափրիկէի բաժակի զտումի մրցումներ.
Քոնկօ – Անկոլա 0-0
Եգիպտոս – Թոկօ 1-0