Աթլեթիքօ Մատրիտին մաս կազմող ուրուկուէյցի միջազգային յառաջապահ Լուիս Սուարեզ վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով, այս գծով յայտնեց Ուրուկուէյի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Այս պատճառով 33 տարեկան ֆութպոլիստը իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել վաղը տեղի ունենալիք Ուրուկուէյ-Պրազիլ բաւական կարեւոր ճակատումին, որ կ’իյնայ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ (Հարաւային Ամերիկայի գօտի):
Նշուեցաւ նաեւ, որ ան պիտի չկարենայ մասնակցիլ նաեւ Պարսելոնայի եւ Վալենսիայի դէմ տեղի ունենալիք «Լա Լիկա»-ի երկու բաւական կարեւոր մրցումներուն:
Իսկ Լոքոմոթիւ Մոսկուայի դէմ 25 նոյեմբերին տեղի ունենալիք մրցումին («Չեմփիընզ Լիկ») անոր մասնակցութիւնը հարցականի տակ է: