Գրոսմայսթր Հայկ Մարտիրոսեան պարտութիւն կրեց Chess.com կայքին մէջ տեղի ունեցող արագ ճատրակի ախոյեանութեան առցանց մրցաշարքի 1/8 հանգրուանին:
20-ամեայ Մարտիրոսեան մրցեցաւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Հիքարու Նաքամուրայի հետ եւ պարտուելով դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան մրցեցաւ ռուս Եան Նեփոմնիաշչիի հետ եւ յաղթեց 14-11 արդիւնքով: Քառորդ աւարտականին հայ գրոսմայսթրի մրցակիցը պիտի ըլլայ ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ, որ յաղթած է իրանցի Նիհալ Սարինի:
Մրցաշարքին կը մասնակցին 16 վարպետներ, պարտուողը կը լքէ պայքարը: Լեւոն Արոնեան ստացած է մրցաշարքին մասնակցելու անհատական հրաւէր, իսկ Հայկ Մարտիրոսեան այդ իրաւունքը նուաճած է շարք մը զտումի մրցաշարքերու մէջ յաջող մրցումներու շնորհիւ: