Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Պատնէշը` Ճոքի

Նոյեմբեր 16, 2020
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

Մանկութեանս  ամէն անգամ, երբ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի մրցումներուն կը տանէին զիս, ականջիս զուարճալի  կը հնչէր մարզիկի մը անունը` Ճոքի:

Ինծի շատ տարօրինակ կը թուէր այդպիսի անունով հայու մը գոյութիւնը, որովհետեւ իմ անմիջական շրջապատիս եւ դպրոցին մէջ այդ անունով մէկը չկար:

Աւելի ուշ ինծի համար պարզուեցաւ, որ համակիրները զինք այդպէս կ՛անուանէին, բայց ի՞նչ էր անոր բուն անունն ու  մականունը: Մեր շրջանակէն ոչ ոք գիտէր, հաւանաբար միտքերնէն իսկ չէր անցած հետաքրքրուիլ: Համակիրներուն համար մրցումի ատեն անոր անվախ, առիւծասիրտ, կրքոտ խաղարկութիւնը աւելի կարեւոր էր, քան բուն անուն-մականունը:

Ֆութպոլի ընթացիկ խաղեր չէին: Կենաց մահու պայքար կը մղուէր ի վերջոյ…

Անոր խաղերը տեսած եմ մանկութեանս եւ պատանեկութեանս կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ: Ապա երբ ուսումի համար երկրէն բացակայեցայ տասնամեակ մը, այդ ամբողջ ընթացքին ան միտքիս մէջ մնացած էր իբրեւ տոկուն յետսապահ, ՀՄԸՄ-ի պատնէշը, որուն ներկայութիւնը մրցակիցին դիմաց վստահութիւն կը ներշնչէր համակիրներուն:

Իսկ երբ ուսանող ընկերներուս անոր մասին կը խօսէի, կ՛ըսէի.

– Խաղացող մըն է, որ եթէ իրմէ մրցակից մարզիկը անցնի, գնդակը չ՛անցնիր, իսկ երբ գնդակը անցնի… մարզիկը չ՛անցնիր:

Յաճախ անոր խաղարկութիւնը եւ ոճը  կը նմանցնէի ֆութպոլի 1966 թուականի աշխարհի ախոյեան, Անգլիոյ հաւաքականի միջնապահ Նոպի Սթայլզին («հիմա չնմանի» պիտի ըսէին ոմանք…):

Երբ Պէյրութ վերադարձայ, Ճոքի «կախած էր կօշիկները». տարիքի բերումով այլեւս  ֆութպոլ չէր խաղար, բայց ֆութպոլով կը շնչէր եւ կ՛ապրէր:

Մնացած էր ՀՄԸՄ-ի պատնէշին վրայ:

Զինք միշտ կը տեսնէի զանազան վարչութիւններու, յանձնախումբերու, խորհուրդներու, ժողովներու մէջ: Սակայն անոր տարերքը ժողովասրահներու մէջ ըլլալը չէր, այլ` դաշտերու վրայ, մարզիկներու կողքին, գնդակի՛ն հետ:

Դաշտերուն մէջ միշտ ներկայ էր, նոյնիսկ պատանիներու մարզումներու ատեն, քաջալերելով, թելադրանքներ ընելով, ուրախանալո՛վ սկսնակներու ներկայութեամբ:

Իսկ ֆութպոլի հին աստղերէն միակն էր, որ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբի ամէն մրցումի ներկայ կ՛ըլլար եւ կը տագնապէր:

Առաջին անգամ անունն ու մականունը լսեցի ՀՄԸՄ-ի ժողովի մը, երբ  կարդացուեցաւ. «Եղբայր Յովհաննէս Հուսամեան»:

Նախ կարծեցի, որ սխալմունք մը եղաւ, ապա… շատ զարմացայ… եւ ի՜նչ մեղքս պահեմ, միտքիս մէջ հարցում մը ծագեցաւ. կրնա՞յ ըլլալ, որ անոր տնեցիներն ալ Ճոքի կը կանչեն զինք:

Համակիրներուն եւ պատասխանատուներուն համար ան տակաւին եղբայր Ճոքի կը մնայ, շուրջ 60 տարիէ ՀՄԸՄ-ի պատնէշին վրայ կանգուն է, նոյն ոգիով: Իր առօրեան ֆութպոլն ու ՀՄԸՄ-ն են (անշուշտ նոյնպէս` թոռնիկները, եթէ «Քորոնա»-ի պայմաններուն մէջ կ՛այցելեն):

Վերջերս հեռաձայնեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց  Ուստային մասին «Ազդակ»-ին մէջ գրածիս համար:

– Գիտեմ, որ մարդ շնորհակալութիւն պիտի չյայտնէ, գոնէ ես յայտնեմ,- ըսաւ:

– Հարց չէ: Ինչպէ՞ս ես, եղբայր Ճոքի,- հարցուցի:

– 83 տարեկան եղայ, լաւ եմ, բան մը չունիմ, միայն տիսքի գործողութիւն եղայ, հանգիստ կ՛ընեմ կոր:

– Բան մը չէ, երբ մեծնաս, կը մոռնաս, -ըսի, հաւատալով, որ պիտի շարունակէ մեծնալ նոյն կորովով եւ ոգիով:

 

 

Նախորդը

ԵՈՒԵՖԱ Եւրոպայի Երկիրներու Լիկա. Հայաստան Թիֆլիսի Մէջ Յաղթեց Վրաստանի Ֆրանսա Հասաւ Աւարտական Հանգրուան Ռամոս Երկու Փենալթի Չկրցաւ Կոլի Վերածել

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 5 Կոլ Նշանակեց…
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր Կ՛որոշուի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մրցակիցը

Յուլիս 9, 2025
Հեծելարշաւ.  Ճամբու Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Կիրակի Օր
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ճամբու Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Կիրակի Օր

Յուլիս 9, 2025
Ըմբշամարտ.  Բեգոյեան Եւրոպայի Ախոյեան
Մարզական

Ըմբշամարտ. Բեգոյեան Եւրոպայի Ախոյեան

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?