Ռասըլ Ուեսթպրուք Կ՛ուզէ Հեռանալ Հիուսթըն Խումբէն
Միացեալ Նահանգներու պասքեթպոլի (Էն. Պի. Էյ.) ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն Հիուսթընի մարզիկ Ռասըլ Ուեսթպրուք յայտնած է, որ կ՛ուզէ հեռանալ խումբէն:
Կը նշուի, որ Հիուսթընի այլ յառաջատար մարզիկ մը` Ճէյմս Հարտըն մտադիր է մնալ խումբին մէջ:
32-ամեայ Ուեսթպրուք 2019-ի յուլիսին տեղափոխուած է Հիուսթըն: Նախապէս ամերիկացի մարզիկը 11 տարի մաս կազմած է Օքլահոմայի: Անոր պայմանագիրը նախատեսուած է 2 տարեշրջանով եւս: Այդ ընթացքին Ուեսթպրուք կը շահի 131,5 միլիոն տոլարի կոկիկ գումար մը…
Share This Article
CATEGORIES Մարզական