Խաւիեր Մաչերանօ Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Ասպարէզը
Արժանթինեան Էսթուտիանթեսի յետսապահ Խաւիեր Մաչերանօ յայտարարեց իր ասպարէզը աւարտելու մասին:
36-ամեայ արժանթինցին այս տարի միացած էր Էսթուտիանթեսին:
Մաչերանօ իր ասպարէզին ընթացքին նոյնպէս մաս կազմած է Արժանթինի Ռիվըր Փլէյթին, Պրազիլի Կորինթիանսին, անգլիական Ուեսթ Համին եւ Լիվըրփուլին, քաթալոնական Պարսելոնային եւ չինական Հեպէ Չայնային: Արժանթինի հաւաքականի կազմին մէջ ան մասնակցած է 147 մրցումներու եւ նշանակած է 3 կոլ: Ազգային խումբին հետ ան 2 անգամ դարձած է ողիմպիական ախոյեան:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական