Կերըթ Սաութկէյթ` Վարակուած «Քորոնա» Ժահրով
Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Կերըթ Սաութկէյթ յայտարարեց, որ վարակուած է «Քորոնա» ժահրով:
Նախորդ շաբաթավերջին անգլիական մամուլը յայտնած էր, որ ան վարակուած է այդ ժահրով, բայց ան իր վարակման պարագան գաղտնի պահած էր իր ֆութպոլիստներէն:
Սակայն, Պելճիքայի դէմ Անգլիոյ կրած պարտութենէն ետք (2-0, «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարք), ան այդ լուրը պաշտօնապէս յայտարարեց:
«Թէեւ ես վարակուած եմ այդ հիւանդութեամբ, սակայն անիկա ինծի համար այդքան ծանր չեղաւ, որքան Անգլիոյ մէջ կը պատահի` բազմաթիւ մարդոց հետ: Ատիկա այդքան ալ հաճելի վիճակ մը չէ, սակայն այժմ ամէն ինչ իր կարգին է», մարզիչին խօսքերը մէջբերեց «Տը Սան» օրաթերթը:
Վերոնշեալ ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Անգլիա 6-րդ եւ վերջին հանգրուանին այսօր կը հիւրընկալէ Իսլանտան:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական