«Մերսետես»-ի բրիտանացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն 7-րդ անգամ նուաճեց «Ֆորմիւլա 1»-ի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը` հաւասարելով գերմանացի Միխայել Շումախըրին:
Հեմիլթըն նուաճեց Թուրքիոյ Մեծ մրցանակը եւ ախոյեանութեան աւարտէն երեք փուլ առաջ անհասանելի դարձաւ խմբակից Վալթերի Փոթասի համար, որ գրաւեց 14-րդ դիրքը:
Միայն Ֆինլանտայի ներկայացուցիչը մինչեւ այս փուլը Հեմիլթընին հասնելու տեսական կարելիութիւն ունէր: