Եւրոպայի մէջ, վերջին 12 օրերուն, ազգային խումբերը 4 հանգրուանի վրայ մրցումներ կատարեցին Ազգերու լիկայի մրցաշարքին գծով:
Աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Սպանիա 4 մրցումներէ ետք մնաց անյաղթ` պահելով իր 2,5 տարուան անյաղթ կարգավիճակը:
Իր վերջին մրցումին, Սպանիա պէտք ունեցած էր Արսենալի միջնապահ Միքել Մերինոյի երկու կոլերուն (67-րդ եւ 88-րդ վայրկեանին)` յաղթելու համար Խրուաթիոյ:
Միւս կողմէ, Անգլիա 3-0 արդիւնքով յաղթած էր Չեխիոյ, շնորհիւ Հերի Քէյնի տուպլէին: Քէյնի համար ասիկա ազգային խումբին հետ 125-րդ ելոյթն էր, թիւ մը, որ տարիներէ ի վեր մրցանիշ էր պատմական բերդապահ Փիթըր Շիլթընի:
Քէյն 6 հոկտեմբեր 2026-ին հաւասարեցաւ Փիթըր Շիլթընի 1990-ի մրցանիշին: Շիլթըն 1990-ի Մոնտիալի 3-րդ դիրքի մրցումին (Իտալիոյ դէմ) կատարած էր իր վերջին ելոյթը (թիւ 125)` Անգլիոյ ազգային խումբին շապիկով: Շիլթըն 40 տարեկան էր Մոնտիալին ընթացքին: Քէյն այժմ 33 տարեկան է եւ ըստ իր այժմու մակարդակին ան պէտք է առնուազն երկու տարի եւս Անգլիոյ հետ մասնակցի մրցումներու` բարելաւելով իր մրցանիշը: Քէյնի մրցանիշը հոս չ՛աւարտիր: Պալոն տ՛օրի թեկնածու անգլիացի ֆութպոլիստը 2 կոլեր նշանակելէ ետք Չեխիոյ դէմ, կոլերու իր հաշիւը հասցուց 91-ի` աւելի եւս հեռանալով Ուէյն Ռունիի 53 կոլերէն: Ռունի 120 մրցումներու ընթացքին 53 կոլեր նշանակած էր: Քէյն իր 125-րդ ելոյթին 91-ի հասաւ:
Քէյնի մասին բոլորը գովասանքի խօսքեր կ՛ըսեն, իր ակումբէն` գերմանական Պայերն Միւնիխէն մինչեւ ազգային խումբի խմբակիցները:
Նոյնիսկ ազգային խումբի գերմանացի մարզիչ Թոմաս Թուխել այլեւս չի գտներ յարմար ածական մը բացատրելու ոչ միայն անոր որակը կամ կարեւորութիւնը որեւէ խումբի մը համար: Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Ճուտ Պելինկհամ մինչեւ իսկ համարձակութիւն ունէր զինք կոչելու «Անգլիոյ ազգային խումբի պատմութեան լաւագոյն մարզիկ»-ը:
Վերադառնալով Ազգերու լիկայի 12 օրերուն տեղի ունեցած մրցումներուն, պէտք է ըսել, որ Ա. կարգի խումբերէն միայն Սպանիան եւ Փորթուգալը կրցաւ իր 4 մրցումներուն ալ յաղթել: Ամէնէն ձախող խումբերէն էին Թուրքիա, Սերպիա եւ Չեխիա, որոնք 4 պարտութիւններ կրեցին:
Նոր մարզիչներով «օժտուած» Իտալիա եւ Նետերլանտներ բաւական լաւ արդիւնքներ սկսան ձեռք ձգել Ֆրանսայի կողքին, մինչ Գերմանիա եւ Պելճիքա տակաւին աշխատանքի երկար ճամբայ ունին:
Բ. կարգի խումբերէն միայն Զուիցերիա ձեռք ձգած է առաւելագոյն 12 կէտերը, մինչ Մակեդոնիա եւ Ռումանիա ըստ երեւոյթին Գ. կարգ պիտի իջնեն:
Գ. կարգի խումբերը քիչ մը աւելի հաւասարակշռուած կրնան ըլլալ, եւ խումբ մը չկայ, որ ամբողջական կէտեր կրցած է հաւաքել:
Բ. խմբակին մաս կազմող Հայաստան իր կարելին ըրաւ եւ 2 պարտութիւններու կողքին կրցաւ 1 յաղթանակ եւ 1 հաւասարութիւն արձանագրել:
Նոյեմբերի 2 մրցումներուն 2 յաղթանակներ կրնան օգնել, որ Հայաստան բարձրանայ Բ. կարգ:
Երբ աւագ մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան առաջին մրցումներուն կը պատրաստուէր, արդէն իսկ 9 բացականեր ունէր: Մրցումներու ընթացքին տեղ մը հասաւ, որ ան 14 բացականեր ունէր եւ մեծամասնութեամբ անփորձ մարզիկներով սկսած էր կատարել այդ մրցումները: Քաջալերելի բան մըն էր տեսնել, որ 21-22 տարեկան տղաք կը պայքարին ազգային խումբի շապիկին համար` տալով իրենց առաւելագոյնը:


