Հայ ըմբիշ Արմէն Կարապետեան երկրորդ տարին ըլլալով շահեցաւ վեթերաններու ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալը:
Այս տարի հայ ըմբիշը պատուոյ հարթակ բարձրացաւ Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ:
Կարապետեան հանդէս եկաւ 70 քկ կշռիռի կարգէն ներս «Վեթերանս Պի.» տարիքային բաժինէն:
Պրոնզէ մետալի մրցումին, հայ ըմբիշը յաղթեց իր գօտեմարտը Մոնկոլիայի ներկայացուցիչ Արիունպայար Տաղդսերենին վրայ` 10-0 արդիւնքով:
Այս կշիռի կարգէն ներս աշխարհի ախոյեան դարձաւ Ղազախստանի ներկայացուցիչ Նուրլան Սերիքպոլը:
Յատկանշական է, որ Կարապետեան մասնակցեցաւ նաեւ Յունահռոմէական ըմբշամարտի մրցումներուն ալ, բայց ան երկու պարտութիւններ կրելէ ետք դուրս մնացած էր: Հայկական ծագում ունեցող այլ ըմբիշ մը` Ռուսիա ներկայացնող Գէորգ Տոնոյեան, վեթերաններու յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն նուաճեց պրոնզէ մետալ:


