Պէյրութ մարաթոն միութիւնը անցեալ կիրակի կազմակերպեց «փոյնթ զիրօ» նոր ձեւի մրցումը, որ վազելու եւ մարմնի տոկունութեան ու կարողութեան մրցակցութիւն մըն էր` մասնակցութեամբ տարբեր երկիրներէ 1.050 մարզիկներու:
Փառատօնի վերածուած այս մարզական օրը երկարեցաւ 12 ժամ` առաւօտեան ժամը 7:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
Մասնակիցները բաժնուեցան երեք մարզաձեւերու: 500 մարզիկներ մասնակցեցան մարմնի տոկունութեան մրցումին, 300 մարզիկներ` 5 քմ վազքի մրցումին, մինչ 200-է աւելի փոքր տարիքով պատանի-պարմանուհիներ 2 քմ վազքի մրցումին մասնակցեցան:
Մարզական այս փառատօնը նոր առիթ եղաւ Լիբանանի մէջ եւ նոր փորձառութիւն մը, որ իրար կը միացնէ ուժը, տոկունութիւնը, արագութիւնը, ինչպէս նաեւ խմբային աշխատանքը մրցակցութեան մթնոլորտի մէջ` 25 հազար քառակուսի մեթր տարածութեան վրայ:
Այս փառատօնին յաջողութեան մէջ մեծ դեր ունեցան 8 կարեւոր մարզական ակումբներ` «Աթլից Անոնիմըս», «9616 Ֆիթնես Տիսթրիքթ», ՊԱՐ, «Լեւըլ Ափ», «Հապ 30», Պէյրութ Փըրֆորմընս սենթըր», «Չեմփ» եւ «Քրոսֆիթ 961»:
Ստորեւ մրցումներուն թեքնիք արդիւնքները.
ԽՄԲԱՅԻՆ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
ՏՂԱՔ
1.- Ռատան Համզէ եւ Ռոնի Շեխանի
2.- Մարիօ Տըպս եւ Ճօ Ֆարես
3.- Մոհամետ Ապտալլա եւ Ռամի Ռըզք
ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1.- Քարլա Մախլուֆ եւ Սոնա Առաքելեան
2.- Սամիրա Քատտուրա եւ Սարա Քառնիպ
3.- Ժոել Սրուր եւ Մարի Մարտիրոս
ԶՈՅԳ ՏՂԱՔ
1.- Սամիր Սալման եւ Իմատ Ժեզզինի
2.- Մարուան Տարուիշ եւ Մոհամետ Քատուհ
3.- Մուաֆաք Խաթիպ եւ Ռոմարիօ Իպրահիմ
ԶՈՅԳ ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1.- Այա Սապրա եւ Սարա Ուեհպէ
2.- Սթեֆանի Սարգիս եւ Սալի Զէյտան
3.- Տինա Տեքերմենճեան եւ Ճենիֆըր Ռըզքալլա
ԽԱՌՆ ԶՈՅԳԵՐ
1.- Սամիր Սալման եւ Նեսրին Նժէյմ
2.- Մանուէլ Եահիա եւ Նորա Մարիա Փարլիքա
3.- Ապտել Ռահման Պատր եւ Տիմա Հաժ
Առաջին դիրքը գրաւողները ստացան 400 ամ. տոլար, Բ. դիրքը` 300 ամ. տոլար, իսկ Գ. դիրքը` 200 ամ տոլար:
Նշենք, որ մրցանակակիր մարզիկները այսօր իրենց մրցանակները պիտի ստանան Պէյրութի «Պէ. Տէ. Սէ.» շրջանի թիւ 1288 շէնքին մէջ, յատուկ հանդիսութեան մը պահուն:




