Պայերն Միւնիխի դիտորդ խորհուրդի անդամ եւ գերմանական ֆութպոլի պատմական յառաջապահներէն Քարլ Հայնց Ռումենիկէ բարձր գնահատած է ակումբի անգլիացի յառաջապահ Հերի Քէյնի թեկնածութիւնը` «Պալոն տ՛օր»-ի հեղինակաւոր մրցանակին համար պայքարին:
Ռումենիկէ կը ցանկայ տեսնել Պայերն Միւնիխի մարզիկին յաջողութիւնը` անհատական գլխաւոր մրցանակաբաշխութեան:
«Ես Պայերն Միւնիխի վերջին ֆութպոլիստն էի, որ այս մրցանակը շահած էր. ուստի կը ցանկամ, որ այժմ այդ տիտղոսը շահի մեր ակումբէն մարզիկ մը եւս: Իբրեւ ակումբ, այդ մէկը մեզի համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի: Որոշիչ գործօնները անհատական նուաճումներն են, եւ այստեղ առաւելութիւնը Հերի Քէյնի ի նպաստ է:
Անոր կոլն ու տիտղոսները ինքնին խօսուն են», ըսած է Ռումենիկէ:
Նշենք, որ Ռումենիկէ 1980-ին եւ 1981-ին շահած է «Պալոն տ՛օր»-ը: Անցեալ տարեշրջանին 33 տարեկան անգլիացի Քէյն Պայերն Միւնիխի հետ մասնակցած էր 51 մրցումներու` նշանակելով 61 կոլ եւ 7 էսիսթ կատարած:
«Պալոն տ՛օր 2026-ի» մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ 26 հոկտեմբերին, Լոնտոնի մէջ: Այս հանդիսութիւնը պիտի ըլլայ 70-րդ արարողութիւնը մրցանակի պատմութեան մէջ:


