Հայ ծանրաբարձ Նարէկ Ռաֆայէլեան աշխարհի նոր մրցանիշ հաստատեց պառկած դիրքէն ծանրութիւն բարձրացնելու Մոսկուայի մէջ ընթացող մրցումներուն:
Մարզիկը բարձրացուց 180 քկ` սահմանելով աշխարհի մրցանիշ «Ուորլտ Ռօ Փաուըրլիֆթինկ Ֆետէրէյշըն» վարկածով:
Ռաֆայէլեան պատմական արդիւնքի հասած է 17-19 տարեկաններու տարիքային խումբի 110 քկ կշիռի մրցումներուն:
Հայ մարզիկի նուաճումը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի այս կարգէն ներս, մանաւանդ որ 2016-էն ի վեր որեւէ մարզիկ չէր կրնար նոր մրցանիշ հաստատել:


